Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Դեսպանները Այցելեցին Նաքուրա

July 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն գլխաւորեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆ, այցելեց Նաքուրա:

Նաքուրայի մէջ 15 հոգինոց պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոյի կողմէ:

Պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի պարտականութեան, իսկ զօր. Լազարօ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպաններուն` անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան առիթով:

Զօր. Լազարօ հաստատեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ուժերը` սահմանապահ ուժեր թէ ծովուժ, կը կազմեն 10 հազար խաղաղապահ հաշուող ՖԻՆԻՒԼ-ին մէկ երրորդը:

«Այդ ուժերուն աշխատանքը, ջանքերն ու զոհողութիւնները օժանդակած են, որ սահմանային Կապոյտ գիծը 16 տարի շարունակ կայուն մնայ», ընդգծեց զօր. Լազարօ:

Ան բարձր գնահատեց նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած զինուորական աջակցութիւնը` ընդգծելով հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին տեղակայումն ու ներկայութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Թրաֆ բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրած հսկայական աշխատանքը` հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու առումով:

Թրաֆ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները ամբողջութեամբ կը զօրակցին ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան:

Միւս կողմէ, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող Եւրոպական Միութեան դէտերու մարմինը երէկ հրաւիրեց պաշտօնական մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուց երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին իր արժեւորումը, ինչպէս նաեւ ընտրութիւնները աւելի լաւ կերպով կազմակերպելու եւ գործադրելու մասին իր յանձնառութիւնները:

Ընտրութիւններուն հսկող Եւրոպական Միութեան դէտերու մարմինը ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են զօրակցելու Լիբանանին` բարելաւելու համար ապագային կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նասսար. «Կը Նախատեսուի, Որ Մէկ Միլիոն Զբօսաշրջիկներ Հասնին Լիբանան»

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.