Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը շարունակէ մարզերուն մէջ ֆութպոլի ենթակառոյցներու զարգացումը:
Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Տաւուշի մարզի Աչաջուր համայնքին մէջ վերաբացուեցաւ ֆութպոլի մարզադաշտը:
Մարզադաշտին վերաբացման հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան:


