20 տարեկան ռուսահայ միջնապահ Էտկար Սեւիկեան 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ռուսական Նիժնի Նովկորոտ ակումբին հետ, որ ելոյթ կ՛ունենայ Ռուսիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ:
Էտկար Սեւիկեանի վերջին ակումբն էր սպանական Լեւանթէն, որուն հետ անոր պայմանագրութեան ժամկէտը վերջ գտաւ նախորդ 30 յունիսին:
Նշենք, որ 2021-էն ի վեր ան մաս կը կազմէ Ռուսիոյ 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբին:
Անոր նոր ակումբը 2022-2023 տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 17 յուլիսին` մրցելով Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դէմ:


