Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թեհրան Դէմ Է Որեւէ Քայլի, Որ Կրնայ Յանգեցնել Շրջանին Մէջ Աշխարհաքաղաքական Փոփոխութեան» Երեւանի Մէջ Կ՛ըսէ Շամխանի

July 8, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 յուլիսին Հայաստան այցելած է Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շամխանի յայտարարած է, որ Իրան դէմ է որեւէ քայլի, որ կրնայ յանգեցնել շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութեան:

Իրանցի պաշտօնատարը ընդգծած է, որ իր երկիրը կը վարէ դրացի եւ շրջանային երկիրներու հետ կապերու խորացման քաղաքականութիւն` աւելցնելով, որ Հայաստան իր այցելութեան հիմնական նպատակը Երեւանի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումն է:

Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարը ներշրջանային համագործակցութեան միջոցով շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը շեշտած է եւ յայտարարած է, որ Իրան կ՛աջակցի այնպիսի ձեւաչափերու, ինչպիսին է «3+3»-ը (Թուրքիա, Իրան, Ռուսիա + Ազրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան):

Շամխանի յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները պիտի յանգեցնեն տեւական խաղաղութեան` երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ծիրին մէջ:

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ Շամխանիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ հարց չի քննարկուիր: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Շամխանի նշեց, որ վերոնշեալ ծիրին մէջ պէտք է յարգուին պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները:

 

Նախորդը

Վրաստան Առաջարկած Է Թիֆլիսի Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Խորհրդարաններու Անդամներու Հանդիպում Կատարել

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Այցելած Են Ներքին Հանդ Եւ Շիկահող

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.