Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Փութին-Մաքրոն Գաղտնի Բանակցութիւններու Բնագիրին Արտահոսքի Մասին. «Մենք Միշտ Այնպէս Կը Բանակցինք, Որ Յետոյ Չամչնանք» Կ՛ըսէ Լաւրով

July 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան պատրաստ է պատասխանատուութիւն կրելու իր դիրքորոշման համար եւ միշտ այնպէս կը բանակցի, որ «յետոյ չամչնայ»: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` մեկնաբանելով Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններու բնագիրի` ֆրանսական կողմին կազմակերպած արտահոսքը:

«Սկզբունքօրէն մենք այնպէս կը բանակցինք, որ երբեք չամչնանք, մենք միշտ կ՛ըսենք այն, ինչ որ կը մտածենք, եւ պատրաստ ենք պատասխան տալու խօսքերուն համար եւ բացատրելու մեր դիրքորոշումը», ըսած է Լաւրով:

«Կը կարծեմ, որ դիւանագիտական բարոյագիտութիւնը, ի հարկէ, չ՛ենթադրեր արձանագրութեան նման միակողմանի արտահոսք», ըսած է Լաւրով:

Լաւրով միեւնոյն ժամանակ յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ գործունէութեան մէջ եւս եղած է դէպք, երբ հրապարակուած է ֆրանսացի եւ գերմանացի գործընկերներու հետ իր բանակցութիւններուն սղագրութիւնը:

«Այն ժամանակ մենք տակաւին կ՛աշխատէինք նորմանտեան ձեւաչափի ծիրին մէջ, եւ այդ ձեւաչափով մենք երկար ժամանակ կը փորձէինք համոզել Պերլինը եւ Փարիզը, որ անոնք պէտք է Քիեւին ստիպեն դադրեցնելու կատարման խափանումը մինսքեան համաձայնագիրներուն, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է գերմանացիներու եւ ֆրանսացիներու մասնակցութեամբ եւ որոնք հաստատուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի կողմէ», շարունակած է Լաւրով:

«Սակայն նախքան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ գործընկերներու հետ իմ բանակցութիւններուս բովանդակութիւնը հրապարակելը, մենք երեք անգամ զգուշացուցած ենք անոնց, որ եթէ յստակ բացատրութիւններ չստանանք, թէ ինչու անոնք կը հրաժարին իրենց անմիջական մասնակցութեամբ համաձայնութիւն գոյացած փաստաթուղթերէն, ապա մենք ստիպուած պիտի ըլլանք զանոնք հրապարակել: Անոնք երէկ անգամ մը եւս լռութեամբ պատասխանած են, ուստի այստեղ փոքր տարբերութիւն մը կայ», եզրափակած է Լաւրով:

 

 

 

Նախորդը

Ուզպեքիստանի Նախագահը Քարաքալփաքիստանի Դէպքերուն Համար Կը Մեղադրէ «Արտաքին Ուժեր»

Յաջորդը

ՀԱՊԿ. «Շրջանին Մէջ Բարդութիւններ Կը Կանխատեսուին»

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.