Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1593 վարակուածներ եւ մահացած է երկու պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 29.400 լ. ոսկիի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 10.000 լ. ոսկիով,  մազութինը` 11.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազին սակը` 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 665.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 676.000 լ. ոսկի, մազութը` 705.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 341.000 լ. ոսկի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքարի երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու տեղեկատուութեան նախարարութեան եւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները: Մքարի անդրադարձաւ նաեւ լիբանանցի լրագրող Սամիր Քասսապի Սուրիոյ մէջ առեւանգումի եւ 9 տարի անոր ճակատագիրին անորոշութեան հարցին: Մքարի անհրաժեշտ նկատեց, որ Քասսապի ճակատագիրը բացայայտուի եւ ամէն ճիգ ի գործ դրուի` զայն ազատ արձակելու համար:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ ջնջեց Պէյրութի նաւահանգիստ կատարուած իր այցելութիւնը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ իրենք սկսած են հարց տալ, թէ արդեօք Լիբանանի մէջ միայն բարեկեցիկ ընտանիքներուն զաւակնե՞րը պիտի կարենան իրենց ուսումը շարունակել եւ դպրոց յաճախել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Մնայմնէ հարց տուաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիին լիբանանեան անցագիրներու տագնապին մասին: Ան հաստատեց, որ Լիբանան վերածուած է իր զաւակներու արգելարանին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ռիաշի բարձր գնահատեց լիբանանցի ժողովուրդին մատուցուած թրքական զօրակցութիւնը եւ ընդգծեց անոր կարեւորութիւնը` յատկապէս տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն ընթացքին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի այցելութիւնը, որ ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Իւպեր Քուրմանը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա երէկ նամակ մը յղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն` կոչ ուղղելով անոնց հրաժարելու իրենց պաշտօններէն, եթէ տիրող ներկայ հարցերուն լուծումներ չունին: Նամակին մէջ Նիքոլա հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին ցասումը եւ զայրոյթը անխուսափելի է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Մայ Խրէյշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ներկայ կառավարութիւնը չի ներկայացներ` աւելցնելով, որ անօդաչու թռչող սարքերուն մասին անոր կեցուածքը Լիբանանի պաշտօնական տեսակէտը չ՛արտայայտեր:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Ռուսիոյ միջամտութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը գործադրելու առումով:

 

Նախորդը

Կեդրոնականցին Հասկցեր Է, Թէ Ինչո՛ւ Թաղի Կրպակավաճառը Մոլոտովի «Նիէթ»-ին Կը Հետեւի

Յաջորդը

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբ. «Պահանջեցինք Պետական Մարզի Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Վերացնելու Օրինագիծը Օրէնսդրական Յաջորդ Նիստին Օրակարգի Վրայ Նկատի Ունենալ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.