Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկող «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան շրջանային տնօրէն Ճէյմս Տենիըլը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի եւ Կեդրոնական դրամատան մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ Քրիսթել Ուաքիմի:
Տենիըլ յայտնեց, որ միջազգային ընկերութիւնը իրաւական հաշուեքննութիւնը սկսած է 27 յունիս 2022-ին` ստանալէ ետք բոլոր տեղեկութիւնները:
Նախագահ Աուն ողջունեց այս իրագործումը` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգումի երթը իսկապէս սկիզբ առած է:
Ան ընդգծեց, որ այս երթը կանգ պիտի չառնէ` աւելցնելով, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ հաշուետուութիւն պիտի կատարուի:
Նախագահ Աունին այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կարգ մը թղթածրարներ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են բանակայիններու կարիքներուն, անոնց կենցաղային դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները մեղմացնելու միջոցներուն:
Նախագահ Աուն Սլիմին տուաւ ցուցմունքներ, որոնք պէտք է որդեգրուին` մեղմացնելու համար բանակայիններուն տառապանքը, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին ապահովական կայունութիւնը պահելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա. քննարկուեցան մարմնակրթութեան մարզին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ գնահատուեցան տարբեր մարզաձեւերուն մէջ լիբանանցի մարզիկներուն արձանագրած յաղթանակները:
Նշենք, որ նախագահ Աուն Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորական նամակներ փոխանակեց արաբական տարբեր երկիրներու նախագահներուն եւ թագաւորներուն հետ:


