Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Մեքքայէն Ատհայի տօնին առիթով իր պատգամը յղեց լիբանանցի ժողովուրդին` շեշտելով, որ այս տարուան Ատհայի տօնը լիբանանցիներուն համար ցաւով լեցուն է, նկատի ունենալով տնտեսական, ապրուստի եւ ընկերային ու առողջապահական պայմանները:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի փլուզման եւ քանդումին պատասխանատուները անոնք են, որոնք կ՛արգելակեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:
Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց արաբական խղճի զարթնումին` փրկելու համար Լիբանանը, անոր քաղաքակրթութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային համերաշխութիւնը եւ միասնականութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ կարգ մը լիբանանցի պատասխանատուներ մահաքունի մէջ են եւ իրենց ազգային պատասխանատուութիւնները չեն կատարեր: Ան ընդգծեց, որ իսկական փոփոխութիւնը կը կատարուի, երբ գետնի վրայ բարեկարգումները գործադրուին:
Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն «գրկելու» Լիբանանը եւ զայն դուրս բերելու շրջանային եւ միջազգային առանցքներէն, որպէսզի ան դարձեալ բարգաւաճի եւ յառաջդիմէ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ ժողովուրդը կորսուած վիճակ մը կը պարզէ` ներքին լիբանանեան երկփեղկումներուն պատճառով:
Միւֆթի Տըրիան լիբանանցիները եւ յատկապէս իսլամները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով:


