Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Շտապ Օգնութեան Գերագոյն Խորհուրդին Յանձնեց Ֆասսուհի Զոհերու Հարազատներուն Տրամադրուելիք Նիւթական Հատուցումը

March 1, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ  վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Ճամբորդութեան պատճառով նիստէն բացակայեցան վեց նախարարներ, որոնք են` Նիքոլա Նահհաս, Նիքոլա Սահնաուի, Ֆայսալ Քարամէ, Մարուան Շարպել, Մարուան Խէյրէտտին եւ Ատնան Մանսուր:

Կառավարութեան նիստին քննարկուեցաւ 113 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ կ՛ընդգրկէր տնտեսական, վարչական, ներդրումներու վերաբերող, օրինական եւ ելեւմտական թղթածրարներ:

Նիստին սկիզբը վարչապետ Միքաթի դրուատեց Ապու Տապիի մէջ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին խաղը, որ միասնականացուցած էր լիբանանցիները իր շուրջ: Ան մաղթեց, որ ինչպէս ֆութպոլի գնդակը, նոյնպէս ալ քաղաքական եւ ընկերային այլ հարցեր լիբանանցիները իրենց շուրջ համախմբեն:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց մէկ միլիառ հինգ հարիւր միլիոն լ. ոսկիի գումար յատկացնել Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդին, որպէսզի ան կարենայ Էշրեֆիէ Ֆասսուհ շրջանին մէջ փուլ եկած շէնքի զոհերուն հարազատներուն յանձնել հատուցումները:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է ընդունիլ Չինաստանի կառավարութեան տրամադրած 7 միլիոն 500 հազար տոլարի գումար մը, որ պիտի յատկացուի լիբանանեան-չինական փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրները ֆինանսաւորելու նպատակին:

Կառավարութիւնը ընդունեց նաեւ Գերմանիոյ կողմէ ջրամատակարարման յատուկ դրութեան յատկացուած օժանդակութիւնը:

Տաուք նշեց, որ վարչապետ Միքաթի կառավարութիւնը ժողովի հրաւիրած է յառաջիկայ 7 մարտին:

Նախորդը

Սլէյման Աւարտեց Ռումանիա Կատարած Իր Այցելութիւնը Եւ Մեկնեցաւ Չեխիա

Յաջորդը

Խմբագրական. Սահմանադրական Խորհուրդին Քաղաքական Գրաքննութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.