Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան տեղափոխուեցաւ Քէօլն, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
29 տարեկան Ադամեան, որ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Պունտըսլիկա»-ի կազմին հետ, պիտի կրէ թիւ 23 մարզաշապիկը:
Նշենք, որ Ադամեան Քէօլն տեղափոխուեցաւ Հոֆընհայմէն:
Նախորդ տարեշրջանին երկրորդ բաժինը սակայն, ան Քէօլնէն փոխ տրուեցաւ Ֆ. Ք. Պրիւժի, որուն հետ հանդիսացաւ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեան:


