Գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ֆրանսան վերջին շրջանին ռուսական բնական կազ գնող մեծագոյն երկիրը դարձաւ, երբ եւրոպական շարք մը երկիրներ այդ կազէն հրաժարեցան:
«Գերմանիան յաճախ նախանձով կը նայէր Ֆրանսային եւ անոր 56 հիւլէական կայաններուն, սակայն վերջին ամիսներուն Ֆրանսան աշխարհի վրայ ռուսական կազի մեծագոյն ներածողը դարձաւ: Նոյնիսկ ածուխով բանող ուժանիւթի կայանը, որ փակուեցաւ, դարձեալ ցանցին պիտի միացուի: Այդ եւս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի քաղաքականութեան պատճառով է»:
Օրաթերթը, յղում կատարելով ֆինլանտական ԳՐԷԱ վերլուծական կեդրոնին, կը հաղորդէ, որ այդ իրողութեան պատճառը այն է, որ Ֆրանսան թեքնիք պատճառով ուժանիւթի մարզին մէջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, եւ պէտք էր շարք մը հիւլէական կայաններու աշխատանքը առկախել, ինչ որ պատճառ դարձաւ ելեկտրականութեան արտադրութեան նուազման:
«Տի Վելթ» նշեց, որ Ֆրանսան յունիս ամիսէն ի վեր ռուսական կազը խողովակաշարերու ճամբով չի ստանար, սակայն ի տարբերութիւն Գերմանիոյ ան հեղուկ բնական կազ ստանալու համար չորս կեդրոններ ունի:


