Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ Ստորագրուեցան Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Մասին Արձանագրութիւնները

July 6, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրուեցան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` դաշինքին անդամակցութեան մասին պաշտօնական արձանագրութիւնները:

Փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարներ Անն Լինտէն եւ Փեքա Հաւիսթոն, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ 30 պետութիւններու դեսպանները:

Արձանագրութիւններուն ստորագրումէն ետք դաշինքի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ ընթացք պիտի առնէ անոնց վաւերացման հոլովոյթը, որուն աւարտէն ետք միայն Հիւսիսային Եւրոպայի այս երկու պետութիւնները ՕԹԱՆ-ի լիիրաւ անդամ պիտի նկատուին, եւ անոնց դրօշները պիտի բարձրացուին դաշինքի կեդրոնատեղիին առջեւ:

«Ասիկա լաւ օր է Ֆինլանտայի եւ Շուէտի համար, ասիկա լաւ օր է ՕԹԱՆ-ի համար: Այս սեղանին շուրջ նստած 32 պետութիւններով մենք աւելի ուժեղ պիտի ըլլանք, իսկ մեր ժողովուրդները` աւելի անվտանգ: Այսօր մենք բախած ենք տասնամեակներու ընթացքին անվտանգութեան ոլորտին մէջ ծագած լրջագոյն ճգնաժամին», յայտարարեց Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:

Սթոլթենպերկ նշեց, որ դաշինքի անդամ երկիրներ «յայտնած են, որ վճռական են անդամակցութեան հոլովոյթը արագացնելու»` աւելցնելով, որ քայլերը կրնան ամիսներ տեւել, սակայն «անդամակցութեան սովորական քայլերէն աւելի արագ պիտի ըլլան»:

Նախորդը

Լուքաշենքօ. «Սով Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

«Քալչիօ»-ին Մէջ Պիտի Գործէ «Ոսկի Մրցում» Օրէնքը

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Իրան Իր Միջնորդութիւնը Կառաջարկէ  Սէուտական Արաբիոյ Եւ Հուսիներու Միջեւ
Միջազգային

Իրան Իր Միջնորդութիւնը Կառաջարկէ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Հուսիներու Միջեւ

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.