Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Մեկնաբանած Է Ուզպեքիստանի Մէջ Վերջին Դէպքերը

July 5, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղարաքալփաքստանի մէջ տիրող կացութիւնը Ուզպեքիստանի ներքին գործն է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Ուզպեքիստանը մեր դաշնակիցն է, բարեկամ երկիրն է, մեր շատ կարեւոր գործընկերն է: Այն ինչ որ Ուզպեքիստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, այդ երկրին ներքին գործն է», ըսած է Քրեմլինի բանբերը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մոսկուան կը հետեւի՞ Ղարաքալփաքստանի մէջ տիրող կացութեան:

Փեսքովի համաձայն, Ռուսիան կասկած չունի, որ «Ուզպեքիստանի ղեկավարութեան եռանդուն աշխատանքով գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրները պիտի լուծուին»:

Յայտնենք, որ Ուզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիոյեւ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ առաջարկած էր ջնջել Ղարաքալփաքստանի ինքնավար կարգավիճակը, որմէ ետք շուրջ երկու միլիոն բնակչութիւն ունեցող շրջանին մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր եւ անկարգութիւններ սկսած էին: Այդ պատճառով ալ երկրին նախագահը մինչեւ 2 օգոստոս երկարող արտակարգ դրութիւն յայտարարած էր:

Ղարաքալփաքստանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը կը գտնուի Ուզպեքիստանի հիւսիս-արեւմուտքը եւ կը նկատուի երկրին մեծագոյն շրջանը` կազմելով անոր տարածքին շուրջ 40 առ հարիւրը: 1990-ական թուականներուն ստորագրուած էր համաձայնագիր, որով անիկա ինքնիշխան հանրապետութեան կարգավիճակով մուտք գործած էր Ուզպեքիստանի կազմ` հետագային հանրաքուէի հիման վրայ դուրս գալու իրաւունքով:

Բողոքի ցոյց կատարողները ուրբաթ օր փորձած էին գրաւել ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք Նուքուսիմի մէջ գտնուող պետական շէնքերը. անոնց դժգոհութիւնը յառաջացուցած էր նախագահ Միրզիոյեւի սահմանադրական բարեփոխումներու առաջարկը: Իրաւապահները վճռականօրէն ճնշած են անօրինական գործողութիւնները: Յաջորդ օր Շաւքաթ Միրզիոյեւ յայտարարած էր, որ որոշած է չփոխել  Ղարաքալփաքստանի կարգավիճակին վերաբերեալ սահմանադրական յօդուածը:

 

Նախորդը

«Դիմադրութիւն» Շարժման Երթը Դէպի Եւրոպական Միութեան Գրասենեակ

Յաջորդը

Բրիտանական Գաղտնի Սպասարկութեան Համաձայն` Ռուսիան Լուկանսքին Տիրելէ Ետք Պիտի Կեդրոնանայ Տոնեցքի Վրայ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.