Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1079 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 28.900 լ. ոսկիի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին եւ պիւթակազին սակերը կը մնան նոյնը: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 675.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 685.000 լ. ոսկի, մազութը` 714.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 340.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւֆթի Տըրիան Մախզումիի ջանքերը գնահատեց ազգային եւ արաբական իմաստով, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ըմպելի ջուրի եւ ելեկտրականութեան հոսանքի անջատումին հարցերը լուծելու առումով: Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց Մախզումիին իր ճիգերը շարունակելու` ի խնդիր Պէյրութի զաւակներուն դիմագրաւած ընկերային հարցերու լուծման: Ան նկատել տուաւ, որ Պէյրութի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բնակիչները անհոգութեան քաղաքականութեան զոհերն են:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ հաստատեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ հանգստեան կոչուող պաշտօնեաներուն մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն աշխատավարձերը, ինչպէս նաեւ ընկերային օժանդակութիւնները արդէն իսկ փոխանցուած են: Խալիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքիի հետ: Քարաքի շնորհակալութիւն յայտնեց Խալիլին` Տամանին 125 միլիառ լ. ոսկի փոխանցելու համար` աւելցնելով, որ հաւանական է մինչեւ տարեվերջ Տամանին 400 միլիառ լ. ոսկի փոխանցել` իբրեւ պետական պարտատոմս:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Քալամունի մէջ ձախողեցուց 31 հոգիի ապօրինի փախուստը Լիբանանէն: Բացի Քալամունի ծովափէն մեկնելիք նաւուն մէջ 31 հոգիէն, որոնց մէջ` կիներ եւ երեխաներ, կային նաեւ մեծ քանակութեամբ մազութ եւ վառելանիւթ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլ եւ Նասեր Ժապեր երէկ առաջարկեցին օրինագիծեր, որոնք կը վերաբերին դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները պահելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ լիբանանեան պետութեան ռազմավարական, ապահովական եւ զինուորական որոշումը իր մօտ պահելու որոշումին:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ծանօթացաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Պըրրի Ստանձնեց Եւրոպական Միութեան Դէտերուն Պատրաստած Տեղեկագիրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.