Կիրակի գիշեր ուքրանական զօրքերը «Թոչքա-Ու» հրթիռներով եւ «Ռէյս» անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած են Ռուսիոյ Քուրսքի եւ Պելկորոտի մարզերու տարածքները: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Այս գիշեր Մոսկուայի ժամանակացոյցով ժամը 03:00-էն մինչեւ 03:30 Քիեւի վարչակարգը «Թոչքա-Ու» թեւաւոր հրթիռներով տարանջատուող զինատեսակներով եւ «Թու-143 Ռէյս» անօդաչու թռչող սարքերով դիտաւորեալ կերպով հարուած հասցուցած է Պելկորոտի եւ Քուրսքի բնակելի թաղամասերուն, ուր զինուորական կէտեր չկան», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Յարձակումին պատճառով արձանագրուած է երեք զոհ, մասամբ աւերուած են 11 բազմայարկ բնակարան մը եւ շուրջ 40 սեփական շէնքեր:


