Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհրդակցական Հանդիպում

July 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական հանդիպումը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան կը նախագահէ այս տարուան նստաշրջանը:

Խորհրդակցական հանդիպումին համար յստակ օրակարգ մը չէ նախատեսուած, հետեւաբար իւրաքանչիւր նախարար կրնայ ներկայացնել իր առաջարկը` հիմնուելով իր երկրին առաջնահերթութիւններուն եւ քաղաքականութեան վրայ` արաբական աշխարհը յուզող ընդհանուր հարցերու մասին:

Կը նախատեսուի, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն գումարելիք նիստին ընթացքին քննարկուին Սուրիոյ տագնապը, պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները, Ռուսիա-Ուքրանիա միջազգային տագնապը, ինչպէս նաեւ սննդեղէնի եւ վառելանիւթի միջազգային տագնապներն ու անոնց ունեցած հետեւանքները` արաբական աշխարհին վրայ:

Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական հանդիպումին շրջագիծին մէջ, արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն ունենալիք կողմնակի հանդիպումները պիտի ըլլան առիթ մը` շօշափելու համար լիբանանեան կացութիւնը` նախագահական ընտրութեան նախօրեակին:

Նշենք, որ այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը:

Ապուլ Ղէյթ օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ մաղթեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն խորհրդակցական հանդիպումը կարենայ իրականացնել իր նպատակը եւ ապագայ քայլերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ խորհրդակցական այս հանդիպումին պիտի մնասնակցին արաբական բոլոր երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները, բացի` Սուրիայէն, որուն անդամակցութիւնը` Արաբական լիկային, կը մնայ սառեցուած:

Նախորդը

Պըրրի Շիայի Հետ Արծարծեց Հոքշթայնի Խորհրդակցութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Նոր Կազմի Անոր Պատկերացումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.