Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. «Սատա Քափ». Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Հանդիսացաւ Երկրորդ

June 27, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցող «Սատա Քափ» պասքեթպոլի տղոց միջազգային մրցաշարքը երէկ` կիրակի, 26 յունիսին հասաւ իր աւարտին, երբ կատարուեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:

Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ իր վերջին մրցումին մրցեցաւ Սուրիոյ դէմ, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, երկու կէտի տարբերութեամբ` 59-57 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով անկէ հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ տիտղոսակիր դարձաւ Իրան:

Մրցումէն բացակայեցաւ Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան:

Մրցումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեան, որ կատարեց մրցումին մեկնարկը` նետելով գնդակը:

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի մարզիչ Ռեքս Կալամեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, որ իր կատարած երկրորդ մրցումին մրցեցաւ Իրանի դէմ, առաջին երկու քորթըրներուն պարտուելէ ետք արձանագրեց 77-73 արդիւնքով յաղթանակ մը (կիսախաղ` 35-32, ի նպաստ Իրանի):

Մրցումին լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան, որ նշանակեց 26 կէտ:

Մարզահամերգային համալիրին մէջ էր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի համակիրներու «ՖԱՖ» շարժումը, որ մրցումին տեւողութեան անընդհատ քաջալերեց հայրենի կազմը:

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան բացման մրցումին 94-59 արդիւնքով յաղթեց «Թիմ-ԵՈՒ. ԷՍ. ԷՅ. »-ին:

Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը այսօր` երկուշաբթի, 27 յունիսին կը մեկնի Մալթա, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 28 յունիսէն 3 յուլիս տեղի ունենալիք Եւրոպայի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան:

 

Նախորդը

Ժիւտօ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Գոռ Կարապետեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Յաջորդը

Ասիոյ 16 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.