Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան եւ շրջանային զարգացումները:
Սէյիտ Նասրալլա եւ Հանիէ քննարկեցին Դիմադրութեան առանցքը ամրապնդելու միջոցները, ինչպէս նաեւ առկայ սպառնալիքները, մարտահրաւէրներն ու առիթները:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս` դիմադրութեան առանցքին զօրակցելու եւ Պաղեստինեան դատին ի խնդիր գործելու նպատակով:


