Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան իմաստով որդեգրուած քայլերն ու իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի հարցը:
Պու Հապիպ ուղղաթիռով այցելեց սահմանային Կապոյտ գիծ:


