Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 807 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 30.000 լ. ոսկիի:

«ՄԱՈՒԱՐԵՏ» դրամատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դրամատունը պաշտօնապէս դադրեցուցած է Դրամատուներու միութեան իր անդամակցութիւնը, որովհետեւ համոզուած է, թէ Դրամատուներու միութեան տուած որոշումները անպայմանօրէն անոր յաճախորդներուն եւ դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն շահերուն չեն ծառայեր: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ այդ որոշումները պատճառ կը դառնան դրամատուներուն մէջ ստեղծուած կռիւներուն եւ անապահովութեան մթնոլորտին: «Մաուարետ» դրամատունը հաստատեց, որ այս կեցուածքին կառչած պիտի մնայ, մինչեւ որ Դրամատուներու միութիւնը փոփոխութեան ենթարկէ իր որոշումները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 9000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը սղած է 14.000 լ. ոսկիով եւ  պիւթակազը` 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 670.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 680.000 լ. ոսկի, մազութը` 752.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 351.000 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ ինք լաւատես է ծովային սահմանագծումի թղթածրարով` հաստատելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ոչինչէ պիտի զիջի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Թուֆիք Քրիշանը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատար հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որուն հետ քննարկեց այսօր սկսելիք պետական քննութիւններուն եւ աշակերտներուն անվտանգութեան հսկելու նպատակով Ներքին ապահովութեան ուժերուն որդեգրած միջոցառումները:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է նկատի ունենան «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւին բարձրացումը եւ յանձնառու մնան վարակումը կանխարգիլող միջոցները որդեգրելու, ինչպէս նաեւ խճողուած վայրերէ հեռու մնալու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց «Քորոնա»-ի յատուկ պատուաստին երրորդ չափաբաժինը սրսկուելու` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին: Արաժի հաստատեց, որ առողջապահութեան մարզը նոր փլուզումներ չի կրնար հանդուրժել:

 

 

Նախորդը

Իտալական Օժանդակութեան Նախաձեռնութեամբ. Պուրճ Համուտի Մէջ Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Վնասուած 143 Բնակարաններ Վերանորոգուեցան Եւ 150 Ընտանիքներ Ու Փոքր Վաճառատուներ Օժանդակութիւն Ստացան

Յաջորդը

Պու Հապիպ Այցելեց Սահմանային Կապոյտ Գիծ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.