Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00, առաջին փուլով, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00` երկրորդ փուլով, ընդունեց մեծ թիւով երեսփոխաններ` երեսփոխանական պլոքներու եւ համախմբումներու ընդմէջէն, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ նոր վարչապետին անուան շուրջ:
Երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու աւարտին յստակ դարձաւ, որ 54 երեսփոխաններ առաջադրած են Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը, 46 երեսփոխաններ` ոչ ոքի, 25 երեսփոխաններ` Նաուաֆ Սալամի, իսկ երեսփոխան մը` Սաատ Հարիրիի, եւ ուրիշ մը` Ռաուհա Հալլապի:
Բնականաբար այս արդիւնքը յայտարարեց նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր: Ան նշեց, որ խորհրդակցութիւններուն աւարտին նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր յայտնեց խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը, որուն հիման վրայ Նեժիպ Միքաթի հրաւիրուեցաւ Պաապտա:
Միքաթի նախագահական պալատին մէջ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի եւ Պըրրիի հետ: Ապա ան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ ինք առանց յետին նպատակներու, անկեղծութեամբ եւ ազգային կամքով գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ բոլորին` հաւատալով, որ երկիրը կարելի է փրկել իր դիմագրաւած տագնապներէն:
Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց բոոլոր անոնց, որոնք իր թեկնածութիւնը առաջադրեցին, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք չառաջադրեցին, որովհետեւ անոնք կատարեցին ժողովրդավարական իրենց դերակատարութիւնը:
Ան հաստատեց, որ վերանշանակումը զինք կը դնէ կրկնապատկուած պատասխանատուութեան ներքեւ` աւելցնելով սակայն, որ բոլորը կրնան վստահիլ, որ ինք պիտի համագործակցի բոլորին հետ:
«Երկիրը փրկելու պատասխանատուութիւնը հաւաքական պատասխանատուութիւն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանը փրկելու առիթները տակաւին առկայ են:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն` իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ իրարու օգնելու, որպէսզի միջազգային ընտանիքն ու Լիբանանի բարեկամ երկիրները օժանդակեն անոր:
Միքաթի ընդգծեց բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական ապաքինման ծրագիրը յաջողցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան շեշտեց, որ առանց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու, կարելի պիտի չըլլայ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան տագնապները լուծել:
Միքաթի շեշտեց, որ իր վստահութիւնը մեծ է լիբանանցիներուն նկատմամբ` հաստատելով, որ տագնապները կրնան յոգնեցուցած ըլլալ զանոնք, սակայն ոչ թէ տապալած:
«Լիբանան արժանի է մեր զոհողութիւններուն, եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ ան փուլ գայ ու քայքայուի: Շատ աշխատանք ունինք կատարելիք, հետեւաբար ժամանակ պէտք չէ կորսնցնենք», ըսաւ ան:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները պիտի կատարէ երկուշաբթի, 27 եւ երեքշաբթի, 28 յունիսին, խորհրդարանին մէջ:
Վարչապետ Միքաթի երէկ երեկոյեան արարողակարգային այցելութիւններ կատարեց նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի եւ Թամմամ Սալամի:
Առաւօտեան տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն հիմամբ արձանագրուեցաւ հետեւեալ պատկերը` 31 երեսփոխաններ առաջադրեցին Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը, 14 երեսփոխաններ Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան զօրակցեցան, երեսփոխան Ժիհատ Սամատ առաջադրեց Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը, իսկ 26 երեսփոխաններ ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրեցին:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նախագահ Աունի հետ խորհրդակցելէ ետք յայտնեց, որ ինք ոչ ոքի անուն առաջադրած է` վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու առումով:
Պու Սաապ յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլը իրեն համար պղտոր կը թուի, հետեւաբար ինք ոչ ոքի թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ այս իմաստով:
Ան մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագ կերպով ընթանայ:
Երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի Հիւսիսային Լիբանանի երեսփոխաններու համախմբումին անունով Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը առաջադրեց` վարչապետի պաշտօնին համար:
Պաարինի յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագ կերպով կ՛ընթանայ, որպէսզի երկրին փլուզումը կասեցուի:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը առաջադրեց` վարչապետի պաշտօնին համար:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները բացայայտած են, թէ լիբանանցիները կը փափաքին փոփոխութեան ենթարկել ներկայ իրավիճակը` աւելցնելով, որ այդ դիտանկիւնէն մեկնելով իրենք առաջադրած են Սալամի թեկնածութիւնը:
Ազգային անկախ համախմբումը առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը:
Համախմբումին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, որ յայտնեց, թէ այս փուլին ամէնէն աւելի Միքաթին առիթ ունի կառավարութիւն կազմելու:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն վերջ տալու երկփեղկումին եւ գործակցելու իրարու հետ` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած տագնապները:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը:
Պլոքի նախագահ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը մաս պիտի չկազմէ կառավարութեան, սակայն պիտի օժանդակէ անոր կազմութեան հոլովոյթին:
Մաշարիհ միութեան պլոքը առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը:
Ժամաա Իսլամիէի պլոքը առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը` վարչապետի պաշտօնին համար:
Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ երկիրը քաղաքական եւ տնտեսական սուր տագնապ մը կը դիմագրաւէ, «եւ որովհետեւ այս փուլին կարելի չէ զերոյէն սկսիլ, այդ պատճառով կ՛առաջադրենք Միքաթիի թեկնածութիւնը` կառավարութեան աշխատանքին մասին կարգ մը դիտողութիւններով հանդերձ», ըսաւ ան:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը:
Պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանան այսօր կարիքը ունի կառավարութեան մը, որ լիբանանցիներուն կարիքները հոգայ եւ անոնց ծառայէ:
Հիւսիսային Լիբանանի ճակատում պլոքը առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը:
Պլոքին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Միշել Մուաուատ, որ յայտնեց, թէ Սալամ լաւագոյն ընտրանքն է, որ կարելի է այս փուլին որդեգրել:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքը ոչ ոքի անուն առաջադրեց վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու առումով:
Պլոքին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Ժորժ Ատուան, որ յայտնեց, թէ Միքաթի իրենց ճշդած վարչապետի յատկանիշները չ՛ամբողջացներ, իսկ Նաուաֆ Սալամի կեցուածքները ծանօթ չեն:
«Վարչապետին կամ հանրապետութեան նախագահին մեր վստահութեան քուէն պիտի շնորհենք անոր մշակելիք ծրագիրներուն համաձայն», յայտնեց Ատուան:
Մարդու հայրենիքի ծրագիր պլոքի անդամ երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ ոչ ոքի անուն առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար, իսկ պլոքին մաս կազմող երեսփոխան Ժամիլ Ապպուտ առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը:
Անկախ երեսփոխաններէն ոմանք առաջադրեցին Միքաթիի թեկնածութիւնը, ոմանք` Սալամի թեկնածութիւնը, իսկ ուրիշներ նախընտրեցին ոչ ոքի անունը տալ:
Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Ժիհատ Սամատ Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար:
Միւս կողմէ, անկախ երեսփոխան Իհապ Մաթար առաջադրեց Ռաուհա Հալլապի թեկնածութիւնը:
Առաւօտեան խորհրդակցութիւններուն պարագային, երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք պիտի չմասնակցի երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն:
Կէսօրէ ետք շարունակուած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, 13 բարեկարգչական երեսփոխաններ միասնաբար խորհրդակցեցան հանրապետութեան նախագահին հետ: Անոնցմէ 10-ն առաջադրեցին Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը, իսկ 3-ը ոչ ոքի անունը առաջադրեցին` վարչապետի պաշտօնին համար:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Միշել Մուսա, որ յայտնեց, թէ պլոքը համոզուած է, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան որդեգրած ուղեգիծը պէտք է շարունակուի նոր կազմուելիք կառավարութեան կողմէ, յատկապէս` տագնապներու լուծման եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարներուն պահպանումին առումով: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` պլոքը առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը», յայտնեց Մուսա:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահ Աունի հետ խորհրդակցելէ ետք յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պլոքը պիտի նախընտրէ ոչ ոքի անունը առաջադրել վարչապետի պաշտօնին համար` աւելցնելով, որ իրենք Միքաթիի մէջ չեն տեսներ այն վարչապետը, որուն իշխանութեան օրով կարելի կ՛ըլլայ իսկական բարեկարգում կատարել:


