Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՞վ Կանգնեցուց Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Պատերազմը. Ռուսիա՛ն. Իսկ Երբ Ռուսիոյ Օգնութիւն Պէտք Է, Բոլորը Կը Լռեն» Կ՛ըսէ Քատիրով

June 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով յայտարարած է, որ «դժուար ժամանակներու մէջ» Ռուսիոյ համար Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) ոչ մէկ օգուտ կայ: Քատիրով կշտամբած է կազմակերպութեան ղեկավարները` արեւմտեան պատժամիջոցներուն նկատմամբ մտավախութեան պատճառով լռութեան համար:

«Ահա գոյութիւն ունի ՀԱՊԿ կազմակերպութիւնը», ըսած է ան «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին վրայ հրապարակուած ուղերձին մէջ: «Ռուսիան բոլորին կ՛օգնէ, սակայն Ռուսիոյ այս կազմակերպութենէն ոչ մէկ օգուտ կայ», ըսած է Քատիրով:

Ան նշած է, որ եւրոպացի ղեկավարները կը պաշտպանեն Ուքրանիոյ շահերը: «Իսկ մեր ՀԱՊԿ-ականները ինչո՞ւ կը լռեն: Ինչո՞ւ չէք խօսիր ձեր դրացիներուն մասին», հարցուցած է Քատիրով:

Դիմելով ՀԱՊԿ-ի ղեկավարներուն` իբրեւ նախկին Խորհրդային Միութեան ղեկավարներ, Քատիրով յորդորած է. «Միացէ՛ք եւ ձեր խօսքը ըսէ՛ք, ոչինչ պիտի պատահի: Եթէ կայ պետութիւն, եթէ կայ դաշնակից, ան պէտք է որոշէ եւ ընէ իր քայլը: Ո՞վ փրկեց Պիելոռուսիան. Ռուսիա՛ն: Ո՞վ փրկեց Ղազախստանը. Ռուսիա՛ն: Ո՞վ կանգնեցուց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմը. Ռուսիա՛ն: Իսկ երբ Ռուսիան օգնութեան պէտք ունի, բոլորը կը լռեն, դուք պատժամիջոցներէն կը վախնաք», ըսած է Քատիրով:

«Անկեղծօրէն, մենք ոչ ոքի օգնութեան կարիքը ունինք: Մենք գիտենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պայքարիլ. այսօր, վաղը, միւս օր մենք լաւ արդիւնքներ ցոյց պիտի տանք Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններուն մէջ: Եւ մենք աւելի հեռուն պիտի երթանք», խոստացած է Չեչենիոյ ղեկավարը:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ի պատասխան ըսած է. «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի, սակայն անոր Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան մէջ ներգրաւուելու տարբերակը չէ քննարկուած»:

Փեսքով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին բացասաբար պատասխանած է այն հարցումին, թէ արդեօք կը քննարկուի՞ ՀԱՊԿ-ի ուժերու Ուքրանիոյ զինուորական գործողութիւններուն մասնակցութիւնը: «Ո՛չ, այս տարբերակը չէ քննարկուած»: Ան նշած է, որ ՀԱՊԿ-ն «մօտիկ անցեալին» ցոյց տուած է իր արդիւնաւէտութիւնը:

«ՀԱՊԿ-ի զարգացումը արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ մեր առաջնահերթութիւններէն է», աւելցուցած է Փեսքով:

Նախորդը

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը Դէպի «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի Գրասենեակ, Ոստիկանութեան Եւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքեր

Յաջորդը

Ֆրանսական Ընդդիմութիւնը Խորհրդարանական Ընտրութիւնները «Մաքրոնի Կատարեալ Պարտութիւնը» Կ՛որակէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.