Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսական Ընդդիմութիւնը Խորհրդարանական Ընտրութիւնները «Մաքրոնի Կատարեալ Պարտութիւնը» Կ՛որակէ

June 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի օր Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն 2-րդ փուլը նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կատարեալ պարտութիւնն էր: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ քուէարկութեան աւարտէն քանի մը ժամ ետք յայտարարած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ երկրորդ խմբակցութիւնը ձեւաւորած ձախակողմեան դաշինքի ղեկավար Ժան-Լիւք Մելանշոն:

«Ասիկա անսպասելի եւ անկանխատեսելի իրավիճակ մըն է: Ասիկա նախագահի կուսակցութեան կատարեալ պարտութիւնն է, (նոր խորհրդարանին մէջ) մեծամասնութիւն ունեցող ուժ չկայ: Մենք մէկ ամսուան մէջ կրցանք հասնիլ մեր առջեւ դրուած քաղաքական նպատակին` տապալել այն մարդը, որ երկրին ձեռքերը ոլորելով մեծամտօրէն վերընտրուեցաւ` նոյնիսկ առանց տեղեակ պահելու ընտրողները, թէ ի՛նչ ընելու կը պատրաստուի», դիմելով իր կողմնակիցներուն` յայտարարած է Մելանշոն:

Կիրակի օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու 2-րդ փուլի նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Էմանուէլ Մաքրոնի աջակիցները միաւորող «Միասին» դաշինքը Ֆրանսայի 577 աթոռներէ բաղկացած Ազգային ժողովին մէջ 245 աթոռ պիտի ունենայ. առանձին կառավարութիւն ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ  էր 289 աթոռ ապահովել:

ԱՖՓ լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով` ձախակողմեանները միաւորող «Նոր ժողովրդական, բնապահպանական, ընկերային միութիւն»-ը խորհրդարանին մէջ 135 աթոռ պիտի ունենայ: Նոյն աղբիւրին համաձայն, կիրակնօրեայ ընտրութիւններուն ընթացքին աննախադէպ յաջողութեան հասած են ծայրայեղ ազգայնականները. Մարին Լը Փենի ղեկավարած «Ազգային միաւորում»-ը իր ստեղծման օրէն ի վեր լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է` նոր խորհրդարանին մէջ ստանալով 89 աթոռ: «Ատիկա տասնապատիկ աւելի է, քան 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ ազգայնականներուն արձանագրած արդիւնքը», կը նշէ ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը:

Նախորդը

«Ո՞վ Կանգնեցուց Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Պատերազմը. Ռուսիա՛ն. Իսկ Երբ Ռուսիոյ Օգնութիւն Պէտք Է, Բոլորը Կը Լռեն» Կ՛ըսէ Քատիրով

Յաջորդը

«Բրիտանիան Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայ Ռուսիոյ Դէմ Զինուորական Գործողութիւններուն» Կ՛ըսէ Զօր. Սանտըրս

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.