Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ աւստրիական Ալթախի գլխաւոր մարզիչ:
Այսպիսով, 44 տարեկան Քլոզը առաջին անգամ ըլլալով ստանձնեց ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէ կարճ ատեն մը ետք, ան հետեւած էր մարզչական դասընթացքի, սակայն որոշ ժամանակ մը ետք դադար առած էր` ոտքի հարցեր ունենալուն պատճառով:
Նշենք, որ անցեալին ան ստանձնած է մարզչական պաշտօններ` Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին, Պայէրն Միւնիխի 17 տարեկանէն վար խումբին, ինչպէս նաեւ Պայէրն Միւնիխի խումբին մէջ:


