Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Լիբանանեան Պետութեան Համար Միլիոնաւոր Տոլարներ Խնայեցի»

June 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք գոհունակ կը զգայ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու համար` աւելցնելով, որ ատիկա անհրաժեշտ նուաճում մըն էր` Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստի ծանր տագնապներուն շրջագիծին մէջ:

Ան խօսեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին իր անաչառութեան մասին` աւելցնելով, որ ինք իր պարտականութիւնը կատարած է եւ լիբանանեան պետութեան համար միլիոնաւոր տոլարներ խնայած:

Մաուլաուի աւելցուց, որ ինք ազգային իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ` դարձեալ նախարար նշանակուելու պարագային:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին նախարարութեան անձնակազմին իրագործած աշխատանքին` Մաուլաուի յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ Լիբանանի համար այդ կարեւոր հոլովոյթը գործադրելու համար:

«Հակառակ ելեւմտական, վարչական եւ գումակային դժուար պայմաններուն, ներքին գործոց նախարարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին մեծ նուաճումներ իրականացուց», ըսաւ ան` աւելցնելով նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն նուիրուածութիւնը այս աշխատանքին ընթացքին, որովհետեւ առանց անոնց հսկողութեան` անկարելի է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուէին:

Մաուլաուի հաստատեց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն` տնտեսական տագնապին, ելեւմտական մարզի փլուզման, ելեկտրականութեան չգոյութեան եւ կացութեան փուլ գալու իրականութեան, երկրին ապահովական իրավիճակը կայուն է եւ ընդունելի:

Միւս կողմէ, Մաուլաուի իր ցուցմունքները տուաւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի Պէյրութի ոստիկանութիւնը մղեն ապօրինի կերպով ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող ինքնաշարժներուն աշխատանքը կասեցնելու արշաւի մը:

Այս շրջագիծին մէջ Պէյրութի ոստիկանութիւնը պիտի կասեցնէ նաեւ օրինազանցութեամբ գործող մոթորսիքլեթները` նկատի ունենալով, որ անոնց դէմ Ներքին գործոց նախարարութեան հասած բողոքներուն թիւը աճ արձանագրած է:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բողոքներուն, որոնք կը վերաբերէին ելեկտրածին շարժակներով ելեկտրականութիւն հայթայթող գործատէրերուն կողմէ հաշուիչներ զետեղելու մերժումին, Մաուլաուի թելադրեց Թրիփոլիի նահանգապետին, որ հետեւի այդ հարցին եւ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն դէմ օրինական քայլերու դիմէ, եթէ անոնք ճշդուած պաշտօնական սակը խախտեն կամ մերժեն հաշուիչներ զետեղել:

 

 

 

Նախորդը

Նասսար Կոչ Կ՛ուղղէ Ծոցի Երկիրներու Զբօսաշրջիկներուն Այցելելու Լիբանան

Յաջորդը

Պայրամ. «Այսուհետեւ Արգիլուած Է Սեփական Մարզին Մէջ 2 Միլիոն 600 Հազար Լ. Ոսկիէն Նուազ Ամսական Աշխատավարձ Վճարել»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.