Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թրքական Հաւանական Գործողութիւնը Կրնայ Քիւրտերը Մղել Անկախ Պետութիւն Ստեղծելու» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Յատուկ Պատուիրակը

June 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ երէկ յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական հաւանական գործողութիւնը Թուրքիոյ համար «ապահովական նոր սպառնալիքներ» պիտի ստեղծէ, որովհետեւ «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը այս բեմագրութեան լոյսին տակ պիտի չանհետանան»:

«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական հաւանական գործողութիւնը կրնայ քիւրտերը մղել անկախ պետութիւն ստեղծելու, եւ ատիկա շրջանին համար հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսաւ Լաւրենթիեւ` աւելցնելով. «Մեր թուրք գործընկերներուն ըսինք, որ ատիկա քիւրտերուն մօտ անջատողական զգացումները պիտի աճեցնէ եւ զանոնք խթանէ պետութիւն ստեղծելու, եւ ատիկա ի շահ Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի կամ Իրաքի չէ»:

Ան նշեց, որ ռուսական պատուիրակութիւնը Նուր Սուլթանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին մեծ ջանք թափած է թրքական կողմը այս քայլին ունենալիք հակառակ արդիւնքներուն մասին համոզելու:

«Ռուսիան միեւնոյն ժամանակ կը փորձէ քիւրտերը համոզել Դամասկոսի հետ լուծում գտնելու, վերականգնելու սուրիական հողերուն միասնականութիւնը եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ներառելու Սուրիոյ բանակի շարքերուն մէջ, ինչ որ արգելք պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ մէջ կացութեան ժխտական զարգացման:

«Թուրքիոյ կարծիքով անկարելի է սուրիացի քիւրտերուն հետ բանակցիլ, ուստի անոնց հետ երկխօսութեան չի մասնակցիր», աւելցուց Լաւրենթիեւ:

Ան յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան զինուորական գործողութեան չի դիմեր` զգուշացնելով, որ այդ գործողութիւնը «կրնայ սուրիական բանակին եւ թրքական ուժերուն միջեւ ուղղակի բախումի պատճառ դառնալ»` աւելցնելով. «Ռուսիան Թուրքիոյ ծրագրած գործողութեան լոյսին տակ Սուրիոյ մէջ իր ուժերը պիտի չամրապնդէ»:

Ռուսիոյ յատուկ պատուիրակը մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ «Ռուսիան կը փորձէ Թուրքիան համոզել, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր հաւանական զինուորական գործողութիւնը անօգուտ է»` աւելցնելով, որ իր երկիրը «թրքական ուժերուն եւ Անգարայի առնչակից Սուրիական ազատ բանակին դէմ պիտի չկռուի»:

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Խորհուրդ Կու Տայ Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովային Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ Շնորհել, Իսկ Վրաստանին` Ոչ

Յաջորդը

«Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ ՔԱԿ-ի Դէմ Մեր Գործողութիւններուն Ընթացքին Շուէտական Հակահրասայլային Հրթիռներ Գրաւեցինք»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.