Գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին համաձայն, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ ղեկավարներ Օլաֆ Շոլցը, Էմանուէլ Մաքրոնն ու Մարիօ Տրակին Քիեւ իենց այցելութեան ընթացքին «փակ դռներու ետին» իրենց ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքիին կոչ ուղղած են վերսկսելու ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններուն:
Աղբիւրը միեւնոյն ժամանակ կը գրէ, որ թէեւ եռեակի այցելութիւնը «ուշացած է», սակայն այն փաստը, որ երեք եւրոպացի ղեկավարները միասին կը ճամբորդեն, կ՛արդարացնէ այցելութեան ձգձգումը, որովհետեւ ատիկա «միասնութեան ուժեղ ազդանշան է»:
«Պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները «փակ դռներու ետին» ամենայն հաւանականութեամբ համոզած են Զելենսքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ բանակցութիւններու սեղան նստելու: Որովհետեւ իրենց երկիրներուն կրած տնտեսական վնասը… հետզհետէ աւելի ու աւելի դժուար կը վերականգնուի», կը նշուի յօդուածին մէջ:


