Եւրոպական Միութիւնը հակառուսական պատժամիջոցները պիտի չջնջէ, քանի տակաւին Մոսկուան Քիեւի հետ փոխընդունելի խաղաղութեան համաձայնագիր չէ կնքած: Այս դիրքորոշումը հինգշաբթի երեկոյեան «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց:
«Պատժամիջոցները, որոնք մենք հաստատած ենք, պիտի չջնջուին, քանի տակաւին Ուքրանիոյ հետ արդար համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած: Իսկ թէ ո՛ր համաձայնագիրը, Ուքրանիոյ տեսանկիւնէն, արդար պիտի ըլլայ, ատիկա կրնայ որոշել միայն ինք` Ուքրանիան», ըսած է գերմանական կառավարութեան ղեկավարը:
Միեւնոյն ժամանակ, Շոլց դարձեալ յայտարարած է, որ «Ուքրանիոյ պարտադրուած խաղաղութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ»: Անոր համաձայն, ինք բազմիցս ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ նման խաղաղութեան մասին Մոսկուայի տեսլականը «պատրանք է»:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակի եւ Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհանիս հինգշաբթի օր այցելած են Քիեւ:


