Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր. «Ապագայ Լրագրող»-ները Այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք

June 18, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին աջակցութեամբ ընթացող լրագրութեան վարժողական ծրագիրը շարունակուեցաւ երէկ երեկոյեան, խմբագրատունէն դուրս, Պիքֆայայի մէջ:

«Ապագայ լրագրող»-ներու ծրագիրին անդամները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք` ծանօթանալու դպրեվանքին աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր կառոյցին եւ ջամբած հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան:

Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շերնէզեան դիմաւորեց Ապագայ լրագրողները, որոնց կատարեալ հարազատութեամբ ներկայացուց դպրեվանքի առաքելութիւնը, դպրեվանեցիներու առօրեան, կրթական ծրագիրը, հոգեւորին կողքին ազգայինով թրծելու պատասխանատուութիւնը:

Ապագայ լրագրողներուն ուղղած հարցումներով, դպրեվանքի տեսուչին հետ հանդիպումը վերածուեցաւ մտերմիկ զրոյցի  մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ դպրեվանքի ջամբած ուսման կարեւորութեան, հոգեւորականներու պատրաստութեան առաքելութեան, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան, երիտասարդութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան եւ այս իմաստով արձանագրուած բացթողումներուն:

Ապագայ լրագրողները շրջագայեցան դպրեվանքի տարբեր բաժանմունքները, ինչպէս նաեւ ծանօթացան դպրեվանքի շրջափակին մէջ գտնուող կոթողներուն ու հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր փուլերը խորհրդանշող քանդակներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին:

Ապա անոնք այցելեցին Ս. Աստուածածին վանք:

«Ապագայ լրագրող»-ներու երէկուան այցելութեան հիւրաբար միացաւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն քանատաբնակ Լոռի Պէրպէրեան:

 

 

Նախորդը

Մարօ Մինասեանի Ընտանիքին

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Քորէայի Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.