Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Օր Մը Եւս Այնճարի Համար

June 18, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 14 յունիս 2022-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Օմայեատ պատմական բերդի կեդրոնական դարպասի բացումը` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար, դատախազ Մոհամետ Մուրթատայի:

Բերդի մուտքին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի աստիճանաւորներու եւ փողերախումբի մասնակցութեամբ,   պաշտօնական ընդունելութեամբ նախարարը դիմաւորուեցաւ Պեքաայի հայ երեսփոխան, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանի,  Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, փոխքաղաքապետ  Նազարէթ Անտէքեանի եւ գիւղին մէջ գործող հաստատութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Աւանդութիւն դարձած օրհնուած աղի եւ հացի արարողութենէն ետք, բերդի մուտքին պաշտօնական ու ժողովրդային ներկայութեան տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւնը:

Քաղաքապետը իր խօսքին մէջ ողջունեց բոլորը եւ գլխաւորաբար անդրադարձաւ բերդի մուտքը իր  նախկին ձեւին վերադարձնելու անհրաժեշտութեան, որ հոգեբանական ու պատմական իր կարեւորութենէն անկախ` կը ներկայացնէ տնտեսական վերելքի ապահովման գլխաւոր ազդակներէն մէկը, այն իմաստով, որ այսուհետեւ Այնճար ժամանող բոլոր այցելուները բնականաբար գիւղի  կեդրոնական փողոցներով անցնելէ ետք պիտի հասնին բերդ, նախապէս օգտագործուած կողմնակի մուտքի փոխարէն, որ երբեք կապ հաստատելու կարելիութիւն չէր ստեղծեր զբօսաշրջիկներու եւ գիւղացիներու միջեւ:

Քաղաքապետը շեշտեց, որ այս կենսական որոշումին մէջ իր գործնական ու անվերապահ դերակատարութիւնը ունեցաւ նախարար Մուրթատան, որուն համար Այնճարի ժողովուրդին անունով քաղաքապետը շնորհակալութեան  եւ երախտագիտութեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց անոր կեցուածքն ու առած քայլը:

Ապա օրուան հանդիսավար Զուարթ Քէշիշեան բեմ հրաւիրեց նախարարը, որ իր հիացումը արտայայտեց ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի գոյատեւման մարտնչումներուն համար,  բայց մանաւանդ ընդգծեց Այնճարի ժողովուրդի դժուարութիւններուն առջեւ կանգ չառնելու եւ վճռական կամքի խառնուածքը:

Նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այնճարը ընկերային ու կենցաղային տառապանքներէ ծնած միջավայր մըն է, որ այսօր Լիբանանի պարծանք է: Հաւատքս մեծ է, որ այս ժողովուրդը իր  նախահայրերու որպէս ժառանգորդ պիտի  յաղթահարէ նաեւ այժմու դժուարութիւնները եւ աւելի  պիտի ծաղկի ու բարգաւաճի»:

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Ճորճ Պուչիքեան, որ իր կարգին նաեւ կարեւոր նկատեց մուտքի օգտագործման բարիքները Այնճարի բնակչութեան համար:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Ազդեցութիւնները Լիբանանի Տնտեսութեան Վրայ

Յաջորդը

Գէորգ (Ճորճ) Տէր Պետրոսեանի Յիշատակին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.