«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 5-րդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, աւարտեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի յաղթանակով, որ 104-94 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պոսթըն Սելթիքսին:
Յաղթական կազմէն տապըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Անտրու Ուիկինզ (26 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), մինչ Սելթիքսէն նոյնը իրագործեց Ճէյսըն Թաթում (27 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Այժմ երկու կազմերուն միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 3-2` ի նպաստ Ուորիըրզի:
Անոնց միջեւ 6-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 յունիսին, Պոսթընի մէջ:


