Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան» Շարժումը Կը Յայտարարէ Իր Մարտավարութեան Փոփոխութիւնը

June 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 14 յունիսին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքը, որուն սկիզբը «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Նազարեան ներկայացուց շաբաթներ շարունակ վարչախումբի կամքով Արթիկ բանտը գտնուող շարժման անդամներուն` Գոռ Սարգսեանի, Արսէն Մարտոյեանի, Տարօն Մանուկեանի եւ Գէորգ Մուրադեանի ուղերձը, ուր կը շեշտուի, որ իրենց կորովը տակաւին ամուր է եւ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը:

Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Գառնի Պետրոսեան: Հայաստանի դեսպան, արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեան, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեան:

Ապա բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ յայտարարեց, թէ 15 յունիսին ընդդիմութիւնը պիտի վերցնէ Ֆրանսայի հրապարակի վրանները, սակայն ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը նշանակէ, որ պայքարը կանգ կ՛առնէ: Ան շեշտեց, որ իրենց պայքարը դադար չունի, այնքան ատեն որ նախապէս բարձրացուած իրենց տարբեր հարցերուն ոչ մէկ լուծում տրուած է: «Նպատակը նոյնն է` կանխել Արցախի հայաթափումը եւ Հայաստանի թրքացումը, չէզոքացնել Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգները, իսկ ատոր հասնելու համար պէտք է հեռացնել այս չարիքի իշխանութիւնը, ձեւաւորել ազգային իշխանութիւն, որ կը կասեցնէ պետականութեան կործանման այս ընթացքը, կ՛ապահովէ երկրի սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, կը հաստատէ արժանապատիւ խաղաղութիւն, պետականութիւնը կը վերադարձնէ ժողովուրդին, Հայաստանը կը դարձնէ արժանապատիւ եւ բարեկեցիկ երկիր», յայտնեց ան` շեշտելով, որ իրենց նպատակն է ստեղծել պայմաններ, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել պարտուողական նոր պայմանագիրի ընդունումը, ինչպէս նաեւ հասնիլ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման` հրաժարականի կամ պաշտօնանկութեան միջոցով:

Ան դիտել տուաւ, որ շաբաթական դրութեամբ պիտի կատարուին փողոցային ցոյցեր, մասնագիտական քննարկումներ ու հանդիպումներ:

Ապա հանրահաւաքի մասնակիցները քայլարշաւ կատարեցին Երեւանի փողոցներուն մէջ, անկէ ետք Սաղաթէլեան ըսաւ, որ 16 յունիսին իրազեկման երթ պիտի կատարուի, ապա Ֆրանսայի հրապարակին վրայ պիտի ամփոփուին աշխատանքները եւ պատրաստուին շաբաթ օրուան համապետական հանրահաւաքին:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլի Հեռացման Հանրային Պահանջը Յստակ Է Եւ Աներկբայ»

Յաջորդը

«Պատերազմէն 2 Ամիս Առաջ Ընդունած Եմ Պետութեան Մը Շատ Իմաստուն Ղեկավարի, Որ Նախատեսած Էր Պատերազմը» Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.