Կիրակի, 12 յունիսին, կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, Քեսրուան-Ժիպէյլ շրջանին մէջ, մասնակցութեամբ 21 ինքնաշարժներու, տեղի ունեցաւ Լիբանանի գարնանային 37-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ:
Ռոժէ Ֆըղալի, իր օգնականին` Ժուտի Ֆըղալիի հետ (Վոլսվակըն-Փոլօ) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 38 վայրկեան 54 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Երկրորդ հանդիսացաւ Թամեր Ղանտուր-Սալիմ Ժըլայլաթի զոյգը (Սքոթա-Ֆապիա, 39′ 33”), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Համատ Ուըհէյպի (Օման)-Թոնի Սիրքոմպ (Նոր Զելանտա) զոյգը (Սքոտա Ֆապիա, 40′ 08”):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ:


