Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ, անդրադառնալով Ուքրանիոյ տագնապին ու անոր հետեւանքներուն, ըսաւ, որ անիկա «երկարատեւ պիտի ըլլայ»:
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ճակատումը կը մօտենայ, եւ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պիտի փոխուի այնպիսի ձեւով մը, որ կը պահպանէ Ռուսիոյ դերակատարութիւնն ու համաշխարհային ազդեցութիւնը», յայտնեց Ապուլ Ղէյթ` նշելով, որ ամերիկեան օդանաւակիրները Չինաստանէն վախնալով չմօտեցան ասիական ծովափին մօտ եղող եւ Չինաստանի պատկանող կղզիներուն:
«Ճակատումը որեւէ ձեւով կը մօտենայ, եւ աշխարհը ճակատումէն պաշտպանողը բազմաթիւ ազդակներ են, որոնցմէ են` բանականութիւնն ու մարդու ապրելու փափաքը», նշեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:
Ան եգիպտական պատկերասփիւռի «Սատա Պալատ» յայտագիրին ընթացքին նշեց, որ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը 500-էն 700 միլիառ տոլարի միջեւ է, եւ չին-ամերիկեան հասարակաց շահեր գոյութիւն ունին` աւելցնելով. «Չինական տնտեսութիւնը միայն ներքին սպառման վրայ հիմնուած չէ, այլ նաեւ արտածման վրայ»:
«Այն ինչ որ համաշխարհայնացում կը կոչուի, եւ Գերմանիոյ ու Բրիտանիոյ միջեւ առեւտուրէն միայն 10 տարի անցած է, եւ անոնք համաշխարհային պատերազմի մասնակցած են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ արեւմտեան աշխարհի գաղափարախօսութիւնը սարսափելի է», ընդգծեց Ապուլ Ղէյթ:
«Արաբական երկիրները լուրջ ճնշումի ենթարկուեցան Արեւմուտքի կողմէ, որ կը պնդէր, որ անոնք որոշակի դիրքորոշում ունենան Ուքրանիոյ ճգնաժամին նկատմամբ եւ դատապարտեն Ռուսիոյ զինուորական գործողութիւնը: Անոնք յայտնուած էին արտակարգ նուրբ կացութեան մէջ, սակայն տեղի չտուին ճնշումին, որուն ենթարկուեցան»:
«Միջազգային այս կացութիւնը շատ զգայուն է, ինչպէս նաեւ շրջանի կացութիւնը: Արեւմտեան աշխարհը ակնյայտ ճնշում կը գործադրէ արաբական պետութիւններուն վրայ, որպէսզի անոնք մասնակցին Ռուսիոյ մեկուսացման եւ մերժեն Ուքրանիոյ նկատմամբ անոր դիրքորոշումը: Սակայն անոնք չենթարկուեցան այդ թելադրանքին, իսկ ոմանք ալ նոյնիսկ մերժեցին քուէարկել Ռուսիոյ գործողութիւններու դատապարտման օգտին` մեկնելով շրջանին մէջ իրենց շահերէն»:
«Մենք` արաբներս, հաւաքական կերպով կը գործենք ռուս-ուքրանական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ: Ես յոյսով եմ, որ արաբական պետութիւններու կառավարութիւնները պիտի յաջողին ապահովել ազգային անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ չարտօնել, որ այդ զինեալ տագնապը բացասական ազդեցութիւն գործէ իրենց վրայ:
«Այո՛, մենք կոչ կ՛ուղղենք յստակ դիրքորոշում որդեգրելու միջազգային օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ, սակայն ըսէ՛ք ինծի, ինչո՞ւ, հանդէս գալով Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան դէմ` դուք կը մոռնաք, թէ Իսրայէլը 55 տարուան ընթացքին Պաղեստինի մէջ ի՛նչ կ՛ընէ», նշեց Ապուլ Ղէյթ:
«Արեւմուտքը Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոնի աւերումէն ետք 2001-էն մինչեւ 2011 թուական շրջանին մէջ յառաջ մղած է իր ծրագիրը այն պատրուակով, թէ ինք պիտի փոխէ զայն: Տակաւին 2011 թուականին ամբողջ շրջանը ենթարկուեցաւ ուժգին ցնցումներու, իսկ այնպիսի երկիրներ ինչպիսիք են Լիպիան, Սուրիան, Իրանը եւ Սուտանը, դարձան լուրջ փոփոխութիւններու վկաներ», ըսաւ Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:


