Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուս-Ամերիկեան Երկխօսութիւնը Նուազագոյն Մակարդակի Վրայ Է, Երկու Կողմերուն Միջեւ Հաղորդակցութիւնը Սահմանափակ Է, Իսկ Համագործակցութիւնը Կը Քայքայուի» Կ՛ըսէ Անթոնով

June 14, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտնեց. «Ռուս-ամերիկեան երկխօսութիւնը աննախադէպ ցած մակարդակի վրայ է, վստահութիւնը ականահարուեցաւ, եւ նոյնիսկ յստակօրէն հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող հարցերուն մէջ համագործակցութիւնը կը քայքայուի: Երկու կողմերուն միջեւ հաղորդակցութիւնը սահմանափակ է եւ թեքնիք հարցերու քննարկման շուրջ միայն»:

«Ռուսիոյ դեսպանատան` ամերիկեան իշխանութիւններուն հետ գործակցութիւնը ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ սառեցուեցաւ: Այսպէս կոչուած ռազմավարական երկխօսութիւնը անցեալ 25 փետրուարին Ուաշինկթընի նախաձեռնութեամբ անժամկէտ կերպով սառեցուեցաւ, եւ մեզի ըսին, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական յատուկ գործողութեան լոյսին տակ, զէնքերու տարածման հսկողութիւնը ամերիկեան վարչակազմին համար առաջնահերթութիւն չէ»:

«Համացանցային անվտանգութեան շուրջ երկխօսութիւնը եւս դադրեցաւ, եւ ներկայիս զայն շարունակելու որեւէ առիթ չկայ», ըսաւ Անթոնով:

Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը նաեւ յայտնեց. «Անհրաժեշտ է, որ ամերիկեան վարչակազմը քայլեր որդեգրէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ռուսոֆոպիայի ալիքին դիմակայման համար»:

Ռուս դիւանագէտը յայտնեց, թէ համոզուած է, որ «առողջ մտածելակերպը պիտի յաղթէ»` աւելցնելով. «Երկու մեծ տէրութիւնները պէտք է իրարու հետ աշխատին»:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանը մէկ օր առաջ տարածած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէր, թէ Ուաշինկթըն անպատասխանատու մօտեցում կը ցուցաբերէ,  հակառակ մագլցումի վտանգին Քիեւին տրամադրելով հեռահար հրետանային համակարգեր:

«Հիմնական վտանգը տագնապի սրումն է, եթէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը այդ համակարգերը օգտագործեն Ռուսիոյ տարածքը հարուածելու համար: Ասիկա յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով», նշուած էր հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր, որ Ռուսիան Արեւմուտքին կողմէ հեռահար սպառազինութիւններու մատակարարման պիտի պատասխանէ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ նոր թիրախներ հարուածելով:

 

Նախորդը

«Ես Պատրաստ Եմ Փութինի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններուն` Ատիկա Փափաքիմ Կամ Ոչ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Կառավարութիւնը Ընկերութիւնները Կը Հրաւիրէ Քարվաճառի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.