Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Իրապէս շատ մարդ կորսնցուցինք, եւ պարզապէս չենք կրնար մեր հողերը զիջիլ»: Ան աւելցուց. «Անշարժութիւնը ընտրանք չէ, պէտք է մեր բոլոր հողերը ազատագրենք»:
Պատասխանելով մարտի վերջաւորութենէն ի վեր կանգ առած` Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն մասին հարցումի մը` Ուքրանիոյ նախագահը ըսաւ, որ «որեւէ պատերազմ պէտք է բանակցութիւններու սեղանին վրայ աւարտի»-ի ճշմարտութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումը չէ փոխած:
«Ես պատրաստ եմ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն, ատիկա փափաքիմ կամ ոչ, սակայն եթէ պատերազմին վերջ տալը պիտի քննարկենք եւ ոչ թէ որեւէ այլ բան», յայտնեց Զելենսքի:
Ուքրանիոյ նախագահը նախապէս վստահութիւն յայտնած էր, որ իր երկիրը «Ռուսիոյ դէմ յաղթանակ պիտի արձանագրէ»:


