Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փողոցային Պայքարը Պիտի Չդադրի, Պիտի Ըլլան Փոփոխութիւններ»

June 14, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ այսօր տեղի ունենալիք «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքին պիտի ներկայացուին յառաջիկայ ընելիքները, շարժումը ընդլայնելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պիտի արձանագրուին այս ժամանակաշրջանին արձանագրուած ձեռքբերումները: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Ես հանրահաւաքներէն մէկուն ընթացքին ըսած էի, որ այս նիւթով աշխուժ քննարկումներու սկսած ենք շարժման մաս կազմող ուժերուն, անհատներուն հետ: Այդ գործընթացը աւարտած ենք, բոլոր տեսակէտները ամբողջացուցած ենք, վաղը (այսօր` 14 յունիսին, «Ա.») պիտի ներկայացնենք ընդհանուր ընելիքները, որ կը կարծենք` շարժման նոր լիցք եւ ուժ տալու ծրագիրն է:

«Շարժումը դադար պիտի առնէ միայն այն օրը, երբ ընդհանուր նպատակին հասած պիտի ըլլանք: Այսինքն` պիտի կանխենք Հայաստանի նոր պարտութիւնը, յանձնուողականութիւնը եւ պիտի հեռացնենք օրուան իշխանութիւնը: Փողոցային պայքարը, շարժումը դադրեցնելու, հանգստանալու որեւէ այլ տարբերակ շարժումը սկսելու օրուընէ ետք չենք քննարկած:

«Ստեղծուած իրավիճակը, բազմաթիւ հանգամանքները, ձեռքբերումները եւ բացթողումները գնահատելով` շարժումը պիտի տանինք յառաջ. փողոցային պայքարը երբեք պիտի չդադրի, բայց պայքարին մէջ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Նշենք որ, այսօր` 14 յունիսի 14-ին, ժամը 19:30-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքը:

«Փաշինեանի Պաշտօնավարման Օրով Նոր Արտահերթ Ընտրութիւններու Կազմակերպումը Բացառուած Է»

Նիկոլ Փաշինեանի երթալու օրը հեռու չէ: Այս մասին «Փասթինֆօ»-ին ըսած է «Դիմադրութեան» շարժման առաջնորդներէն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան` նշելով, որ շարժումը վերջ պիտի գտնէ միայն այն պարագային, երբ Փաշինեանը հեռանայ:

Ըստ Սաղաթէլեանի, իրենք պայքարի բոլոր հիմքերը ստեղծած են, երկրին մէջ իրավիճակ փոխած են, քաղաքական ճգնաժամը ակնյայտ է: «Ունինք հսկայական ձեռքբերումներ, եկէք այս ամէնը արձանագրենք ու երթանք զարգացման ճամբով», նշած է Սաղաթէլեան:

Ըստ անոր, շարժումը կը փոխէ ռազմավարութիւնը, եւ եղանակային տաք պայմաններուն բերումով պիտի ըլլայ գործողութիւններու նոր մարտավարութիւն, քայլերու նոր ծրագիր: «Ետդարձ չկայ, պիտի շարունակենք մեր պայքարը, եւ վստահ եղէք, որ իր յաղթական աւարտին պիտի հասնի այս շարժումը», վստահեցուց Սաղաթէլեան:

Ի. Սաղաթէլեանի դիտարկումով` իշխանութիւնները շարունակաբար կը խաբեն եւ կը մոլորեցնեն մեր ժողովուրդը, կ՛օգտագործեն սակաւապետներու քարոզչամեքենաները ու անոնցմով կը տարածեն ամէնէն կեղտոտ սուտերն ու կեղծ լուրերը իրենց մասին:

Սաղաթէլեան բացառած է Փաշինեանի պաշտօնավարման օրով նոր արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպումը` վստահեցնելով, որ իբրեւ ճգնաժամի լուծման միջոց նման տարբերակի պիտի չհամաձայնին:

Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձած է նաեւ ներքին ու արտաքին քաղաքական այլ ուշագրաւ նիւթերու:

 

 

Նախորդը

Պայրամով Խօսած Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Մասին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը` «Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Յաղթանակի Փառատօնին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.