Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան» Շարժման Բողոքի Երթը` Ընդդէմ Քաղաքական Բռնաճնշումներու

June 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 11 յունիսին Ֆրանսայի հրապարակէն ընդդէմ քաղաքական բռնաճնշումներու բողոքի երթ սկսաւ: Ցոյցը նախաձեռնած էին երիտասարդները` ի աջակցութիւն պայքարի ընթացքին ձերբակալուածներուն եւ կալանաւորուածներուն:

«Իշխանութիւնը բռնաճնշումներով պիտի չկարենայ կասեցնել պայքարը, որ անպայման պիտի հասնի իր նպատակին: Այս իշխանութիւնը Փաշինեանի գլխաւորութեամբ պէտք է հեռանայ». կ՛ըսէին երթին մասնակիցները:

Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն երթը շարժեցաւ դէպի ընդհանուր դատախազութեան շէնք:

Մասնակիցները բարձրացուցած էին «Ազատութիւն քաղբանտարկեալներին», «Բանտը դաւաճանների տեղն է» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ:

Անոնք կը վանկարկէին «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ», «Առանց Նիկոլ Հայաստան». կը հնչէին հայրենասիրական երգեր:

«Հայաստանի մէջ շուրջ 5 տասնեակ քաղաքական բանտարկեալներ կան»,  դատախազութեան շէնքին դիմաց յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան:

«Հայաստանի մէջ կան հարիւրաւոր քաղաքական հալածեալներ, որոնց վրայ բազմաթիւ քրէական գործերով այս իշխանութիւնը կը փորձէ զանոնք լռեցնել, թոյլ չտալ, որ քաղաքական տարակարծութիւն ըլլայ Հայաստանի մէջ: Մենք կ՛ըսենք` այս իշխանութիւնը, որ եկած էր ժողովրդավարութեան, արդարադատութեան, հաւասարութեան լոզունգներով` շեղած է իր բոլոր սկզբունքներէն եւ լոզունգներէն», ըսաւ ան:

Ցոյցին մասնակիցները իրենց ձեռքերուն ձեռնաշղթաներ դրած էին` ի նշան բողոքի ընդդէմ քաղաքական բռնաճնշումներուն:

Վերջիններս ձեռնաշղթաները ձգեցին դատախազութեան շէնքին մօտ` յայտարարելով. «Մենք չենք վախնար ձեռնաշղթաներէ, զանոնք կը ձգենք, որ տանիք երկրի դէմ դուրս եկած իրական թշնամիներուն, իրական յանցագործներուն»:

Բողոքի գործողութեան աւարտին երթը վերադարձաւ Ֆրանսայի հրապարակ:

 

 

Նախորդը

Բագրատ Եսայեան Եւ Գառնիկ Մելքումեան Ազատ Արձակուեցան

Յաջորդը

«Մեր Նպատակը Մեր Երկրին ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Նկատմամբ Թուրքիոյ Վերապահութիւնները Դարմանելն Է» Կ՛ըսէ Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.