Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութիւն» Շարժման Խաղաղ Անհնազանդութեան Ցոյցերը Կը Շարունակուին. Երթ Դէպի Բաղրամեան 26

June 11, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հրապարակէն երէկ 10 յունիսին սկիզբ առաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով «Դիմադրութեան» շարժման երթը:

Այս անգամ երթի կանգառը Բաղրամեան 26-ն էր, ուր տեղի կ՛ունենար ՀԱՊԿ¬ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստը:

Նախքան երթը, ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ իրենք իրենց ձայնը կը բարձրացնեն ըսելու մէկ բան` «Նիկոլն ու իր իշխանութիւնը չունին որեւէ լիազօրութիւն, օրինականութիւն հանդէս գալու Հայաստանի անունով, խօսելու արցախահայութեան անունով, ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ»:

«Ամէն անգամ մեր ներկայութեամբ այդ ուղերձը յղած ենք աշխարհին, յղած ենք տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու», ըսաւ ան:

«Միութիւն, պայքար, յաղթանակ», «Նիկոլ, դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով երթը հասաւ Բաղրամեան պողոտայ, սակայն չկրցաւ հասնիլ Բաղրամեան 26, քանի որ մեծաթիւ ոստիկաններ քանի մը շարքով փակած էին Բաղրամեան 26 տանող ճամբան:

Բաղրամեան պողոտային վրայ ընդդիմադիր պատգամաւորները հանդէս եկան ելոյթներով, որոնցմէ ետք երթը վերադարձաւ Ֆրանսայի հրապարակ:

9 նոյեմբերի այդ պարտուողական յայտարարութեան մէջ 3 տարուան ժամկէտով կը նախանշուէր Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ կապ ապահովող այլ շրջանցող ճամբու կառուցում. Ֆրանսայի հրապարակին վրայ «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Գեղամ Մանուկեան` անդրադառնալով շրջանառուող այն լուրերուն, որ յառաջիկային իշխանութիւնները կը պատրաստուին տալ ո՛չ միայն Բերձորի ճամբան, այլ նաեւ Բերձոր քաղաքն ու յարակից գիւղերը:

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Հետապնդումները Համակարգային Բնոյթ Կը Ստանան»

Յաջորդը

Նետերլանտներն ու Դանիան Դէմ Են Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակի Շնորհման

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.