Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Բանագնացը Երկուշաբթի Երեկոյեան Կը Հասնի Լիբանան

June 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած բարձրացումին, սղաճին եւ ընկերային բոլոր հարցերուն, Լիբանանի ծովային սահմանագծումի հարցը կը մնայ տիրական:

Այս առումով նախանցեալ օր սէյիտ Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն մասին արձանագրուեցան իսրայէլեան այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնց համաձայն, յստակ դարձաւ, թէ անոնք իրենց ուզած որոշումը կրնան տալ:

Նշենք, որ իսրայէլեան «Ուալա» կայքը հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի պատասխանելու Հըզպալլայի կողմէ արձանագրուելիք որեւէ քայլի, որ թիրախ կը դարձնէ Քարիշի հարթակը:

Նոյն կայքը հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը բաւարար ուժեր չէ տեղակայած այդ հարթակին շուրջ, որովհետեւ հարցը բարդ է եւ զինուորական ու դիւանագիտական ծրագրաւորումի կը կարօտի:

Այս շրջագիծին մէջ, հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի յատուկ բանագնաց Ամոս Հոքշթայն երկուշաբթի երեկոյեան պիտի հասնի Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն հետ:

Միւս կողմէ, վարչապետի նշանակման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

Նշենք նաեւ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Յորդանանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կրնայ ուշանալ, սակայն ան պիտի կատարուի:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած այս դժուար փուլը պիտի շրջանցէ, եթէ ճիշդ ուղեգիծով եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ ընտրէ քալել, ինչպէս նաեւ գործադրէ քաղաքական բարեկարգումները:

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու
Ընտրութիւնը Շարունակուեցաւ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահեց խորհրդարանական յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ այդ յանձնախումբերուն նախագահներուն եւ զեկուցաբերներուն ընտրութեան լիագումար նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան 112 երեսփոխաններ:

Խորհրդարանը ընտրեց առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ երեսփոխանները, որոնք են`

Պիլալ Ապտալլա, Ինայա Իզզէտտին, Ապտել Ռահման Պըզրի, Ղասսան Սքաֆ, Ամին Շըրրի, Սամեր Թում, Էլիաս Ժրատէ, Ռամի Ֆանժ, Ֆատի Ալամէ, Ահմետ Ռըսթոմ, Ղասսան Հասպանի եւ Միշել Մուսա:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման ու մշակոյթի խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան երեսփոխաններ Իհապ Համատէ, Էտկար Թրապուլսի, Ասաատ Տըրղամ, Սելիմ Սայէղ, Անթուան Հապշի, Հասան Մըրատ, Աշրաֆ Պայտուն, Ալի Խրէյս, Ալի Ֆայեատ, Ղասսան Սքաֆ, Ուսամա Սաատ եւ Պիլալ Հշայմի:

Նշենք, որ Հշայմի ընտրուեցաւ երեսփոխան Ահմետ Ռըսթոմի թեկնածութեան յետս կոչման հետեւանքով:

16 խորհրդարանական յանձնախումբերուն ընտրութենէն ետք Պըրրի փակեց խորհրդարանի լիագումար նիստը, որմէ ետք իւրաքանչիւր յանձնախումբ ուղղուեցաւ իր գրասենեակը` ընտրելու համար յանձնախումբին նախագահներն ու զեկուցաբերները:

– Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Իպրահիմ Քանաան, իսկ զեկուցաբեր` Ալի Ֆայեատ:

– Վարչական հարցերու եւ արդարութեան յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Ժորժ Ատուան, իսկ զեկուցաբեր` Ժորժ Աթալլա:

– Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Ֆատի Ալամէ, իսկ զեկուցաբեր` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

– Գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, իսկ զեկուցաբեր` Հիւսէյն Ժաշի:

– Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Սաժիհ Աթիէ, իսկ զեկուցաբեր` Մոհամետ Խաուաժա:

– Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման ու մշակոյթի յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Հասան Մըրատ, իսկ զեկուցաբեր` Էտկար Թրապուլսի:

– Առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Պիլալ Ապտալլա, իսկ զեկուցաբեր` Սամեր Թում:

– Պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ քաղաքապետութեանց յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Ժիհատ Սամատ, իսկ զեկուցաբեր` Ասաատ Տըրղամ:

– Երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան

յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Այուպ Հըմայէտ, իսկ զեկուցաբեր` Ատիպ Ապտել Մասիհ:

– Կենսոլորտի յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Ղայյաս Եազպեք, իսկ զեկուցաբեր` Քասեմ Հաշեմ:

– Տնտեսութեան, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Միշել Տահեր, իսկ զեկուցաբեր` Նասեր Ժապեր:

– Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Իպրահիմ Մուսաուի, իսկ զեկուցաբեր` Ատիպ Մոհամետ Սլէյման:

– Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Սիմոն Ապի Ռամիա, իսկ զեկուցաբեր` Ռաէտ Պըրրօ:

– Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Միշել Մուսա, իսկ զեկուցաբեր` Նազիհ Մաթթա:

– Կիներու եւ երեխաներու յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Ինայա Իզզէտտին, իսկ զեկուցաբեր` Ատնան Թրապուլսի:

– Արհեստագիտութեան յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ Թոնի Ֆրենժիէ, իսկ զեկուցաբեր` Նիքոլա Սահնաուի:

 

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Այցելեց Պեքաա Եւ Հաստատեց, Որ Թմրեցուցիչի Դէմ Պայքարը Պիտի Շարունակուի

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի` Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Զեկուցաբեր

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.