Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայան` ընկերակցութեամբ նախարարի պաշտօնակատարներ Պասսամ Մաուլաուիի, Ճորճ Պուչիքեանի եւ Ալի Համիէի հետ:
Օդակայանին մէջ Միքաթի ստուգեց բոլոր այն պատրաստութիւնները, որոնք առնուած են` Լիբանան ուղղուող մեծաթիւ այցելուներ ընդունելու նպատակով:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Միքաթի յայտնեց, որ օդակայանին մէջ աշխատանքը բացառիկ հեզասահութեամբ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ ինք մտահոգութիւններ չունի այդ իմաստով, իսկ որեւէ հարցի պարագային պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնելու` լուծելու որեւէ տեսակի հարց:
Ան ողջունեց օդակայանի անձնակազմն ու ապահովական կառոյցի ներկայացուցիչները, որոնք իրենց պարտականութիւնը ամբողջական կերպով կը կատարեն` հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն:
Միքաթի շեշտեց, որ ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարներուն հետ հանդիպումներ պիտի ունենայ օդակայանին մէջ` ապահովութեան ուժերուն թիւը աւելցնելու նպատակով:
Անդրադառնալով երկրին դիմագրաւած ելեկտրականութեան եւ մազութի տագնապներուն` Միքաթի յայտնեց, որ այդ հարցերը ուղղակիօրէն կապուած են ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի, «եւ կը յուսանք, որ անոր ջանքերը ակնկալութիւններուն կը համապատասխանեն», ըսաւ Միքաթի` աւելցնելով, որ ուժանիւթի նախարարութեան հետ բանավէճը փակուած է:
Սահմանագծումի յատուկ կառավարութեան նիստ մը հրաւիրելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի հաստատեց, որ ազգային լուրջ խնդիրներու պարագային ինք պիտի չզլանայ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելէ: Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ թիւ 29 սահմանագիծը չէ արծարծուած սահմանագծումի ընթացքին` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ չէ ինքնագլուխ քայլերու դիմելու եւ Լիբանանը վտանգի ենթարկելու:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը կայուն է, իսկ ամառը` խոստմնալից:
Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար նշեց, որ նախարարութեան գնահատումով` օրական 10-12 հազար լիբանանցի կրնան գալ Լիբանան:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Միքաթիի կողմէ տրուած է որոշում մը օդակայանի արեւելեան կողմի մասնաշէնքը կառուցելու` աւելցնելով, որ այդ կառոյցը հարիւրաւոր պաշտօնեաներու աշխատանք պիտի ապահովէ:


