Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Հարցով Թուրքիոյ Ակնկալիքները Պէտք Է Իրականացուին» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

June 6, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէտը եւ Ֆինլանտան ՕԹԱՆ-ին միանալու համար պէտք է յստակ ցոյց տան, որ կը հրաժարին աջակցիլ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ): ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

«Կողմերը քննարկած են Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարցը: Նախագահ Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիոյ անհանգստութիւնը Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան վերաբերեալ հիմնուած է իրաւական պահանջներու վրայ: Նախագահ Էրտողան ընդգծած է, որ երկու երկիրները պէտք է յստակօրէն ցոյց տան, որ հրաժարած են ահաբեկչութեան աջակցելէ, ջնջած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները եւ պատրաստ են դաշինքին նկատմամբ համերաշխութիւն ցուցաբերելու», լրագրողներուն ըսած են Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակէն:

Սթոլթենպերկ իր կարգին նշած է. «Առանցքային դաշնակից Թուրքիոյ ակնկալիքները պէտք է իրականացուին»:

ՕԹԱՆ-ի մէջ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի դեսպանները Քլաուս Քորհոնեն եւ Աքսել Վերնհոֆ 18 մայիսին ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթոլթենպերկին ներկայացուցած են դաշինքին միանալու իրենց երկիրներուն ուղղուած դիմումները: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան նոյն օրը ըսած է, որ Անգարան պիտի չաջակցի այդ երկիրներու` ՕԹԱՆ մուտք գործելուն, այնքան ատեն որ անոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը չեն որոշած:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երէկ յայտարարեց. «Շուէտն ու Ֆինլանտան Թուրքիոյ ապահովական մտավախութիւնները փարատելու համար պէտք եղած քայլերը տակաւին չեն որդեգրած»: Ան զգուշացուց, որ «առանց ատոր ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հոլովոյթին մէջ յառաջընթացը անկարելի է»:

«Անգարան Թուրքիոյ ահաբեկչական նկատած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան, Սուրիոյ մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Ֆաթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան այդ երկու երկիրներուն մէջ ներկայութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումը յստակ կերպով արտայայտեց», ըսաւ ան:

«Անոնց յայտնեցինք այդտեղ գտնուող կազմակերպութիւններուն վերաբերեալ ու անոնց կառոյցին մասին տեղեկութիւններ եւ փաստաթուղթեր, նաեւ յայտնեցինք, որ պէտք է յստակ ու աներկբայելի կեցուածք որդեգրել անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն դէմ, որոնք դրամահաւաք եւ զինուորագրում կը կատարեն` աջակցելու համար ահաբեկչական աշխատանքներուն», յայտնեց Քալըն:

Թուրքիոյ նախագահի բանբերը նշեց, որ Թուրքիան մինչեւ հիմա այդ երկու երկիրներէն իր մտավախութիւնները փարատող շօշափելի պատասխան մը չէ ստացած, «ուստի եւս առանց Թուրքիոյ ապահովական մտավախութիւններու փարատման (բանակցութիւններուն մէջ) յառաջխաղացք պիտի չարձանագրուի»:

 

 

Նախորդը

«Եթէ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ Հեռահար Հրթիռներ Մատակարարէ, Մոսկուան Յարձակում Պիտի Գործէ Վայրերու Վրայ, Զորս Նախապէս Չէ Թիրախաւորած» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Թուրքիա

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.