Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արիս Պապիկեան Վերընտրուեցաւ Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Երեսփոխան

June 6, 2022
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատահայ նահանգային խորհրդարանի անդամ,  Յառաջդիմական-պահպանողականներու կուսակցութեան թեկնածու Արիս Պապիկեան 2 յունիսին տեղի ունեցած Նահանգային երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերնըտրուեցաւ Սքարպորօ-Աճընթքորթի շրջանէն:

68-ամեայ Պապիկեան Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած յաղթական երեկոյթի ժամանակ ըսաւ, որ հաւատարիմ է իր կուսակցութեան խոստումներուն` վերակառուցելու Սքարպորօ Հելթ Նեթուըրքի «Պիրչմաունթ» հիւանդանոցը եւ ընդլայնելու Շեփըրտ Սապուէյը:

Ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներով Պապիկեան յաղթեց` ստանալով ընտրողներու ձայներուն 49,1-ը:

Երեսփոխան Պապիկեանին պաշտօնապէս շնորհաւորեցին Քանատայի եւ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբերը, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Երրորդութիւն Հայ առաքելական եկեղեցիները:

Արիս Պապիկեան Օնթարիոյի Միսիսոկա շրջանի քաղաքացիութեան դատաւորի պաշտօնին կոչուած է 2009-ին եւ այդ պաշտօնը վարած է 6 տարի:

Ան երկար տարիներ վարած է Armenian National Federation of Canada-ի նախագահի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ վարած է Canadian Ethnocultural Council-ի քարտուղարութիւնը: Իբրեւ լրագրող անդամակցած է National Ethnic Media and Press Council of Canada-ի: Քանատայի դաշնակցային դրութեան հիմնադրման 125-ամեակին առիթով ան արժանացած է Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին գնահատական շքանշանին:

Պապիկեան մեծ ներդրում ունեցած է հայ համայնքի կեանքին մէջ: Քանատահայ համայնքին իր 32 տարուան անխոնջ ծառայութեան ընթացքին ան 4 տարի գործած է իբրեւ պատասխանատու վարիչ տնօրէն Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին մէջ: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մետալով:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբահաւաքման Եւ Մաքրութեան Աշխատանքները Վերսկսած Են

Յաջորդը

Եասին. «Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկել Թիւ 29 Սահմանագիծին Վերաբերող Թիւ 6433 Հրամանագիրը Եւ Այդ Մասին Անմիջապէս Տեղեակ Պահել ՄԱԿ-ը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.