Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Այցելելէ Առաջ. «Լաւրով Անգարայի Մէջ Չաւուշօղլուի Հետ Պիտի Քննարկէ Արցախի Հիմնախնդիրի Լուծումը» Կ՛ըսէ Զախարովա

June 4, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 8 յունիսին պիտի այցելէ Անգարա` իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ քննարկելու համար Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Այլ հարցերու կողքին, նաեւ միտքերու փոխանակում պիտի ըլլայ շրջանային միջազգային օրակարգի արդի հարցերու շուրջ, նախ եւ առաջ Ուքրանիոյ ներկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ սուրիական, լիպիական եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապներու լուծման, Պալքաններու, Աֆղանիստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ կացութեան շուրջ», ըսած է ան:

Զախարովա նաեւ յայտնեց. «10 յունիսին Երեւանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին: Հայաստանը այս տարի կը նախագահէ ՀԱՊԿ-ին», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է ան:

Կ՛ակնկալուի, որ աւարտին պիտի ստորագրուի 2022-2024 թուականներու արտաքին պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու խորհրդակցութիւններու ծրագիրը:

«Այս ձեռնարկին ծիրին մէջ Լաւրով շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ ունի», կ՛ըսէ Զախարովա:

 

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Ռայիսի. «Իրան Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Յառաջընթացին»

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.