Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Էսփանիոլի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ սպանացի 41 տարեկան Տիեկօ Մարթինես նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
Ան 2022-2023 տարեշրջանին պիտի ըլլայ քաթալոնական ակումբին մարզիչը:
Մարթինես Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ին մէջ բաւական լաւ փորձառութիւն ունի:
2014-2017 ժամանակամիջոցին ան եղած է Սեւիլլայի մարզիչը, 2017-2018-ին գլխաւորած է Օսասունան, իսկ 2018-2021 թուականներուն` Կրանատան:
Նշենք, որ նախորդ 13 մայիսին Էսփանիոլ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Վիչենթէ Մորենոն եւ ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակեց Լուիս Պլանքոն:


