Ազրպէյճան մտադիր է եւրոպական կազի շուկային մէջ իր ներկայութիւնը ընդլայնել: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի ուժանիւթային շաբթուան եւ Կասպեան քարիւղի եւ կազի 27-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Այսօր օրակարգի վրայ է եւրոպական շուկային մէջ մեր ներկայութեան ընդլայնման հարցը», ըսած է Ալիեւ: Անոր համաձայն, անցեալ տարի ազրպէյճանական կազի արտածման ծաւալը կազմած է 22 միլիառ խորանարդ մեթր, այս տարի կը նախատեսուի արտածել 24 միլիառ խորանարդ մեթր, յաջորդ տարի կը նախատեսուի աւելցնել ծաւալները:
«Ատիկա կախեալ պիտի ըլլայ նոր հանքավայրերը շահագործման յանձնելէն, որովհետեւ մեր կազային ներուժը չի սահմանափակուիր միայն «Շահ Տենիզ» հանքավայրով», ընդգծած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ալիեւ նշած է, որ Եւրոպան ազրպէյճանական քարիւղակազային հարստութիւններուն մեծ կարիք ունի, եւ Ազրպէյճան ատիկա հաշուի կ՛առնէ: Անոր համաձայն, այժմ պէտք է մտածել նոր հանգոյցներու եւ փոխկապակցիչներու կառուցման մասին:
Ազրպէյճանի նախագահը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ արտածումը աւելցնելու համար ժամանակի կարիքը կայ:
«Կարողական սպառողները պէտք է հասկնան, որ տարուան ընթացքին մենք չենք կրնար աւելցնել արտադրութիւնը: Մեզի պէտք են նոր համաձայնագիրներ, մեզի նոր ենթակառոյցներ անհրաժեշտ են: Հետեւաբար, մենք այժմ կը մտածենք գոյութիւն ունեցող խողովակաշարերու թողունակութեան ընդլայնման մասին, ներառեալ Անդրանատոլական եւ Հարաւային Կովկասի խողովակաջուրերը», ըսած է Ալիեւ:
Պայտըն. «Ազրպէյճան Որոշիչ Դերակատարութիւն Ունի Եւրոպայի Ուժանիւթային Անվտանգութեան Ապահովման Հարցին Մէջ»
«Ազրպէյճան «Հարաւային կազային միջանցք»-ի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ վառելանիւթի մատակարարումներու միջոցով որոշիչ դերակատարութիւն ունի Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութեան կայունացման գործին մէջ», Իլհամ Ալիեւին ուղղուած նամակին մէջ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
«Ինթըրֆաքս Ազերպայճան» գործակալութեան համաձայն, Սպիտակ տան ղեկավարը Ազրպէյճանի նախագահին ուղերձով դիմած է երէկ սկսած քարիւղակազային ցուցահանդէսին առիթով: Պայտըն իր ուղերձին մէջ նաեւ հաւաստած է. «Ուաշինկթըն կը շարունակէ մնալ Պաքուի վստահելի գործընկերը` հաւատարիմ հետագայ երկկողմանի համագործակցութեան ու գործընկերութեան»:
Պայտըն ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին ուղղուած նամակին մէջ նաեւ նշած է. «Ազրպէյճան կարեւոր է նաեւ այն ահռելի ներուժի իրականացման տեսանկիւնէն, որ իր մէջ կը պարունակէ Անդրկասպեան համագործակցութիւնը»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին համոզումով` այդ նախագիծին կեանքի կոչուիլը կարելիութիւն պիտի տայ «կայունացնելու շրջանային եւ համաշխարհային շուկաները»


