Խերսոնի շրջանը, ինչպէս նաեւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու ազատագրուած տարածքները պիտի դառնան Ռուսիոյ մաս: Բացի ատկէ, հանրաքուէի արդիւնքներով Զափորոժիէ շրջանը եւս կրնայ դառնալ Ռուսիոյ մաս: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ իշխող «Ետինայա Ռոսիա» կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի քարտուղար Անտրէյ Թուրչաք:
«Որոշումը պէտք է կայացնեն իրենք` բնակիչները, եւ ես վստահ եմ, որ անոնք պիտի որդեգրեն այդ որոշումը, հետեւաբար, ես կասկած չունիմ, որ այս շրջանը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ կազմին մէջ, մարդիկ կ՛ուզեն պաշտպանութիւն, կայունութիւն, որպէսզի վերջապէս, անոնց դէմ Արեւմուտքի կողմէ օրինականացուած փանթըրական ահաբեկչութենէն ետք, երկար սպասուած եւ յարատեւ խաղաղութիւն գայ», ըսած է Թուրչաք:
Անոր համաձայն, «ոչ ոք ընդհանրապէս կը կասկածի, որ Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան տարածքները պիտի համարկուին Ռուսիոյ մէջ: Ան աւելցուցած է, որ Զափորոժիէի շրջանի բնակիչները նոյնպէս պիտի աջակցին Ռուսիոյ միանալու գաղափարին: Անմիջապէս որ կացութիւնը արտօնէ, շրջանին մէջ հանրաքուէ տեղի պիտի ունենայ»:
«Հանրաքուէ պէտք է կազմակերպել անմիջապէս որ ատոր համար կացութիւնը պատրաստ ըլլայ, անմիջապէս որ դադրին գնդակոծութիւնները, եւ յայտնուի անվտանգութեան գօտի», ըսած է «Ետինայա Ռուսիա»-ի գործադիր խորհուրդի քարտուղարը:


