Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

28 Մայիս. Հերոսն Ու Իր Արձանը

May 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարաւոր մեր պատմութեան ընթացքին ազգային եւ պատմական հերոսներու անուններն ու իրենց թուարկումները մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մտած են եւ հո՛ն, իրենց մտքով եւ հոգիով, պատմական որոշ ու հարազատ կնիք ձգած: Եւ նոյն այդ հերոսները իրենց գործով եւ անուններով ժամանակին հետ կ՛ապրին իբրեւ մէկական ընտրեալները ազգին: Չեն տժգնուիր, չեն մաշիր, չեն մոռցուիր,  ընդհակառա՛կն, աւելի քան երբեք պատգամի մը ուժը եւ թարմութիւնը կը ստանան` իբրեւ ազգային պարծանք: Ու երբ զանոնք հրապարակային կերպով կը յիշենք, այդ կը նշանակէ, որ արդէն մենք զմեզ արժեւորած կ՛ըլլանք:

Իսկ այս օրերուն դարձեալ մայիս 28 է, եւ հաւատարմօրէն նաեւ կը յիշենք հերոսներէն Արամ Մանուկեանն ալ, որուն անունը ամրօրէն կապուած է պանծալի այս թուականին հետ:

Արամ Մանուկեան: Ո՞վ չի ճանչնար զինք: Ժողովուրդի կամքին հաւատացող մարդ մը: Հերոս մը, որ իբրեւ հարազատ վկայ` քեզ կը մղէ մշտածելու շատ մը բաներու մասին:

Իբրեւ 20-րդ դարու հայ նահապետի, զինք ճանչցած եմ եւ իրապաշտ կը յիշեմ պատանի օրերէս: Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն: Արդէն տասնամեակներէ ի վեր պատմաբաններ անոր անուան շուրջ հատորներ կը դիզեն: Շատեր նոյնիսկ անոր անունով կ՛երդնուն:

Ու երջանիկ օրերէն մէկն էր, երբ Երեւանի մէջ հազարաւորներու հետ ես ալ ներկայ գտնուեցայ այս մեծ հերոսին նուիրուած յուշակոթողի պաշտօնական բացման հանդիսութեան: Հոն էր, որ կրկին հայու անցեալին հանդիպեցայ ու յափշտակուած մնացի երկար ատեն: Լուրջ պաշտամունք մըն էր իմ բաժինս: Յուշակոթողին դիմաց, իբրեւ պարզ հայ մարդ, կը զգայի, որ հոգիէս բան մըն էր, որ փոխուած էր ու ինծի կը ստիպէր յիշել եւ խորհրդածել, որովհետեւ ինք` հարուստ անհատականութիւն ունեցող գլխագիր այս Հերոսը, իր կեանքը բերած էր խառնելու հայրենիքին եւ հայութիւնն ալ ներշնչած` այդ ոգիով:

Պատմական եւ քաղաքական յիշողութիւնները անպայման պէտք է պեղել` մօտենալու համար այս հերոսի իրական պատկերին, որովհետեւ նաեւ այս ձեւով է, որ մէջդ կ՛արթննայ ազգային գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դէմդ մտածումի եւ երազանքի նոր հորիզոններ կը բացուին:

Արամ Մանուկեան: Հայ մը, որ իր կամքով տիրեց մեր պատմութեան: Միշտ արտացոլացնող բան մը ունէր իր վրան եւ քեզի կը ստիպէ, որ հայրենիքիդ համար դառնաս թռիչք եւ մտածում ու մանաւանդ`  լուսեղէն ներկայութիւն: Ինքն էր, որ աւելի քան դար մը առաջ պապենական մեր երկրէն ներս հայ մտքերուն մէջ նոր ուղիներ ակօսեց եւ ազգային իմաստ տուաւ անոնց կեանքին: Դարձեալ ինքն էր, որ իբրեւ մեծ հերոս, յաղթական զինուորի նման, հպարտ եւ քաջասիրտ, հայու Ճակատագրին մօտէն քալեց եւ ռազմական ոգիով իրականացուց իր երազը:

«Ամէն մարդ պատմութիւն է», ըսած էին մեր մեծերը, բայց ամէն մարդ հայոց պատմութիւն չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Միայն քաջերուն տրուած է այդ… Միայն անոնք են, որոնք կրնան յաղթանակի ետեւէն վազելով` շահիլ իրենց անմահութիւնը:

Արդ, անկախ այս նշումներէն, մեր մէջ նաեւ պատմական թուականներու յիշատակումը գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է: Եւ ո՞վ չի յիշեր մայիս 28-ի այդ փառաւոր վկայութիւնը, երբ հայը իր հողին տէրը դարձաւ եւ այս ձեւով դարերէ ի վեր իր երկրի կորսնցուցած անկախութիւնը վերադարձուց իր ազգին:

Հպարտօրէն աշխարհի ճակտին կրնանք ըսել, որ մայիս 28-ով աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը իր նոր պետականութեան հիմերը դրաւ: Նոյնպէս, աշխարհի հնագոյն ու ազնուագոյն լեզուներէն մէկը դարձաւ պետական: Ու Արամ Մանուկեանի անուան հետ կապուած է այս թուականը:

Առանց անհուն հրճուանքի կարելի չէ մտաբերել թուականն ու Արամի անունը: Այս թուականի նշումով ձեւով մը մենք զմեզ կը վերադառնանք: Կը յիշենք, որ մայիս 28-ը նշանակալից իրադարձութիւն մը ըլլալով հանդերձ, մեծ զոհողութեամբ կերտուած յաղթական թուական մըն է, ճակատագրական երեք ճակատամարտերու յաղթանակով եւ Արամ Մանուկեանով:

Իբրեւ մեր քաղաքական կեանքի հերոս` Արամ Մանուկեանը ճանչնալու համար նախապայման է բնազդօրէն մտածել մեր երկրի անկախութեան եւ նուազագոյնը գիտակցիլ անոր արժէքին:

Ուստի, յատկապէս այս օրերուն, իբրեւ պարտաւորութիւն` մեզի կը մնայ մեր պետականութեան գիտակցութիւնը ունենալ, ազգային արժանապատուութեան կողքին: Չմոռնանք, որ պատմութիւն, հաւատք, սէր, արիւն եւ ազգային ոգի յաւիտեան կը մնան հայ հողի վրայ:

Ներկայիս մեր հայրենիքէն ներս շատ տխուր երեւոյթներ կան: Քաղաքական կացութեան մասին չէ խօսքս, բայց եւ այնպէս քաղաքական մտածողութիւն է պէտք: Ժամանակն է, որ զգաստանանք եւ մանաւանդ գուրգուրանք մեր պետականութեան վրայ, որովհետեւ իբրեւ հայեր` բոլորս ալ կոչուած ենք որակ դառնալու հայրենիքին:

Յիշենք, որ Արամ Մանուկեան իր մտքին յաղթելով կառուցեց նոր երկիր մը, որուն հիմքերը իր ժողովուրդի ոգին էր: Հետեւաբար անոր շունչն ու ոգեկան բարձրութիւնը, կեանքն ու գործունէութիւնները, ամբողջ աշխատանքն ու մտածումները, հաւատքն ու տեսլականը ներշնչումի անսպառ աղբիւրներ դարձան թէ՛ մեզի եւ թէ՛ յաջորդող սերունդներուն: Որովհետեւ ինքն վստահ էր, որ կենդանի թողած իր երազը, յաւիտենականօրէն պիտի ապրէր մեր ժողովուրդի հոգիէն ներս:

Արդ, եթէ ընդունինք, որ Արամ Մանուկեան մեզի համար հանդիսացած է գերագոյն նուիրումի եւ զոհաբերութեան մաքուր վկայ, սակայն միւս կողմէ ալ մայիս 28-ը կը մնայ եւ պիտի մնայ մեր ազգին կրկին ապրելու կամքին ու ազատութեան գաղափարին մարմնացումը:

Արդ, անկախութիւնդ շնորհաւոր, ՀԱ՛Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ:

[email protected]

Նախորդը

«Բարի» Կամեցողութեամբ Խանդավառ Թշնամին Եւ Արամ Մանուկեանի Ոգեղէն Ներկայութիւնը (Մայիսեան Խոհեր)

Յաջորդը

Մտորումներ` Մայիս 28-ի Առթիւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.