Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրնաս Տարբեր Ըլլալ, Սակայն Մի՛շտ Հաւասար…

May 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Բոլոր ժամանակներու մէջ եղած են մարդիկ, որոնք կարծած են, որ իրենք են լաւագոյնները աշխարհի, իրենց նմանը չկայ, կարծէք` առանց իրենց աշխարհը կանգ կ՛առնէ: Եւ իսկապէս այսպէս մտածողներ գոյութիւն ունին, որոնց համար զարմանալէ առաջ եւ աւելի` աղօթք պէտք է ընել, որպէսզի Աստուած անոնց աչքերը բանայ, եւ անոնք տեսնեն, որ աշխարհը շատ աւելի լուրջ բաներով կը զբաղի:

Այս կեանքին մէջ ամէն մարդ իր տեղն ու դերը ունի, մէկը միւսէն լաւ չէ: Բոլորս իրարմէ տարբերութիւններ կրնանք ունենալ, սակայն երբեք իրաւունք չունինք մենք զմեզ սրբազնացնելու եւ ուրիշը` արժեզրկելու. երբեք իրաւունք չունինք մենք զմեզ աշխարհի «փրկիչը» նկատելու, իսկ ուրիշը` պարզապէս ոչնչութիւն մը: Նման մտածողներ իրենց մտածելակերպը վերատեսութեան պէտք է ենթարկեն, այլապէս ժամանակէ մը ետք պիտի սկսին շատ աւելի լուրջ բարդոյթներէ տառապիլ:

Իւրաքանչիւր անհատ իր մէջ ունի շնորհք մը, կարողութիւն մը, երեւելի կէտ մը… բայց ասիկա չի՛ նշանակեր, որ մենք ենք ամէն ինչը եւ ուրիշը` ոչնչութիւն մը: Երբե՛ք: Աստուած Ի՛նք իւրաքանչիւրս օժտած է կարողութեամբ մը, որպէսզի ամէն մէկս իր ոճով եւ եղանակով զարգացնէ եւ ծաղկեցնէ իրեն վստահուած աշխարհ` մոլորակը:

Եթէ գիտակից ես եւ գիտես` ի՞նչն է քու շնորհքդ, ուրեմն առանց ուրիշին կարծիքը առաջնահերթութիւն նկատելու` պէտք է զարգացնես զայն, այլապէս պիտի գայ օրը, եւ Աստուած քեզի ըսէ. «Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր…» (Ղկ. 16.2): Այն ատեն միայն պիտի նկատես, որ ուրիշին հաշիւը ընելով` դուն մոռցած ես, թէ Աստուծոյ առջեւ հաշիւ պիտի տաս: Աստուած քեզի պիտի ըսէ, որ ես քեզի այս կարողութիւնները տուած եմ, իսկ դուն զանոնք ի՞նչ ձեւով օգտագործած ես, ծառայեցուցած ես եւ` զարգացուցած: Հետեւեալ հարցումներուն լաւապէս պատասխան ունենալու եւ տալու համար, ուրեմն, պէտք է այսօրուընէ սկսիս զանոնք ծաղկեցնելու եւ ի գործ դնելու` միայն վերոյիշեալ հարցումներուն մասին մտածելով եւ հաշիւ ընելով:

Մի՛շտ յիշէ. ինչ որ ընես, մարդիկ պիտի խօսին. ինչ որ կատարես, քննադատութիւն մը պիտի լսես. ինչ որ ի գործ դնես, յուսախաբ ընող մը պիտի տեսնես, ինչ որ գործես, ծաղրանք մը պիտի լսես. բայց օ՛ն, մի՛ տկարանար, այլ, ընդհակառակը, աւելի ուժգի՛ն գործէ, թող աշխատա՛նքդ զանոնք լռեցնէ, կուրցնէ եւ աշխարհը ցնցէ:

Գործո՛վդ ցոյց տուր, որ դուն տարբեր ես: Աշխատանքո՛վդ ցոյց տուր, որ դուն մե՛ծ ես: Յաջողութեա՛մբդ ցոյց տուր, որ դուն մանրուքներով չե՛ս զբաղիր: Վաստակո՛վդ ցոյց տուր, որ դուն ուրիշին ինչ ըրածով ու չըրածով չե՛ս զբաղիր:

Վերջապէս, երբ կեանքիդ մէջ մեծամեծ յաջողութիւններ արձանագրես, չմոռնա՛ս, որ դուն ալ ուրիշէն լաւ չես: Կրնաս տարբեր ըլլալ, սակայն` մի՛շտ հաւասար…

Անթիլիաս, 20 մայիս 2022

Նախորդը

Քանի Դեռ Ուշ Չէ

Յաջորդը

Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդն ու Ազգային Վարչութեան Ատենապետը Այցելեցին «Ազդակ»

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.