Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընթերցումներ. Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

May 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այսպէս է գլխաւոր տիտղոսը շատ կարեւոր գիրքի մը` «Հայոց պատմութեան հոլովոյթում» ենթախորագրով, հրատարակուած 2020-ին, Երեւան, որպէս «Դրօշակ»-ի մատենաշար թիւ 1: Գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին որոշումով եւ «Լուսակն» հրատարակչականին կողմէ:

Այս 212 էջերու մէջ ադամանդի պէս սեղմուած-խտացուած հատորը հեղինակութիւնն է պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, պատմաբան Արարատ Մ. Յակոբեանի: Խմբագրութիւնը կատարած է նոյնպէս պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանը: Առաջաբանին մէջ այս վերջինը իրաւամբ դիտել կու տայ, որ` «Իր ամփոփիչ խօսքում մենագրութեան հեղինակը գտնում է, որ պէտք է շարունակել կենսունակ պահել ազգային արժէք համարուող այդ գաղափարը, նաեւ` որպէս Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման, հայ ժողովրդի հայրենազրկման, պահանջատիրութեան ու փոխհատուցման համար պայքարի հեռագնայ գործնական ազդակ ու կռուան, իբրեւ համայն հայութեան իր մեծ հայրենիքում հաւաքուած տեսնելու, արարելու, զարգանալու ու բարգաւաճելու նպատակ: Եւ մեր կարծիքով,  հէնց նման դաստիարակիչ առաքելութեան ու պատգամի է միտուած Ա. Յակոբեանի յաջողուած սոյն աշխատութիւնը» (էջ 6-7):

Թէեւ գիրքը լոյս տեսած է մեր պատմութեան ամէնէն ամօթալի պարտութիւններէն` 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, բայց ան առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ այսօր, քանի որ ընթերցողը անոր էջերէն վերահասու կ՛ըլլայ, որ շատ բան չէ փոխուած ըլլա՛յ ներազգային ճակատի վրայ, ըլլա՛յ միջազգային ճակատներուն վրայ` մեր ներքին տարակարծութիւններու յաղթահարման ու արտաքին ուժերու գնահատման տեսակէտէն:

Միւս կողմէ, կարդալէ ետք այս հատորը, չես կրնար անգամ մը եւս չհաստատուիլ քու այն անխախտ համոզումիդ մէջ, որ միացեալ եւ անկախ Հայաստանի գաղափարը այն միակ առանցքն է, որուն շուրջ կրնայ այս ազգը համախմբուիլ ու գոյատեւել:

Ընթերցողին աճող հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար ջանամ ամփոփ ներկայացնել գիրքին բովանդակութիւնը, մէջբերել որոշ յատկանշական դիտումներ, մատնանշել կարգ մը յաւելեալ կէտեր, որոնք կրնային տեղ գտած ըլլալ այնտեղ, բայց մանաւանդ` վեր առնել անոր անառարկելի արժէքը: Բայց անկէ առաջ գիտնանք, թէ ո՞վ է Արարատ Յակոբեանը:

Իրմէ խնդրուած ու ստացուած ամփոփ կենսագրականին մէջ կը կարդանք, որ ան ծնած է 1947 փետրուար 26-ին, Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ապագայ գիւղը, ակունքները` պատմական Սասունէն: 1971-ին ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքը աւարտելէ ետք  աշխատանքի է անցած Հայկ. ՍՍՀ ԳԱ Պատմութեան հիմնարկին մէջ, ուր ալ պաշտպանած է թեկնածուական եւ դոկտորական ատենախօսութիւնները: 2005-2013 գլխաւորած է Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի (ՀՊՏՀ) պատմութեան եւ քաղաքագիտութեան ամպիոնը ու ստացած է փրոֆեսէօրի գիտական կոչում: Անոր գիտական հետաքրքրութիւնները կ՛ընդգրկեն Հայաստանի 20-րդ դարու հասարակական-քաղաքական պատմութեան առանցքային բազմաթիւ հիմնահարցեր: Հրատարակած է 20-է աւելի մենագրութիւն, 100-է աւելի գիտական յօդուածներ` նուիրուած Ա. հանրապետութեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, հայ պարբերական մամուլի, Հայկական հարցի, Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագրերու, ստալինեան քաղաքական բռնաճնշումներու պատմութեան եւ արդիական հնչեղութեան տարաբնոյթ այլ հիմնահարցերու լուսաբանմանն ու գնահատականին:

Ա. Յակոբեանի այս հատորը կը բաղկանայ 18 գլուխներէ, որոնք կը յաջորդեն «Մուտք» խորագրով ներածականի մը ու կ՛աւարտին «Վերջաբանի փոխարէն», կրնանք ըսել, յաւելեալ գլուխով մը, որ կ՛ամփոփէ հեղինակին միտք բանին: Առաջին գլուխը նուիրուած է միացեալ Հայաստանի գաղափարի պատմական ակունքներուն, այդպէս ալ` խորագրուած: 2-16-րդ գլուխները մանրամասնօրէն կը ներկայացնեն այդ գաղափարի հոլովոյթը ազգային կուսակցութիւններու յառաջացումէն մինչեւ 1921, այսինքն` 35-40 տարուան փոթորկալից ժամանակաշրջանի մը մէջ: Վերջին գլուխը նոյն տեսլականին մասին կը խօսի` Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, իսկ ներկայ իրավիճակին կ՛անդրադարձուի այդ «Վերջաբանի փոխարէն» գլուխին մէջ: Աղբիւրները, որոնցմէ առատ մէջբերումներ կատարուած են, կը յիշատակուին էջատակի յղումներով, մինչ ցանկալի պիտի ըլլար նաեւ վերջաւորութեան ունենալ անոնց ցանկը: Այստեղ աւելցնեմ, որ նոյնպէս օգտակար կ՛ըլլար գլխաւոր իրադարձութիւններու, խորհրդաժողովներու եւ դաշնագրերու ցուցակի մը ներառումը:

Առաջին գլուխին մէջ Արարատ Յակոբեան, կը յիշատակէ մեր պատմական թագաւորութիւնները, որոնք «իրենց մէջ մարմնաւորել են միացեալ Հայաստանի ֆիզիքական եւ քաղաքական բովանդակութիւնը» (էջ 12), ու իրաւամբ կը նշէ` մէջբերումը կատարելով Ռուբէն Տէր Մինասեանի մէկ յօդուածէն, որ ամբողջական Հայաստանի անառարկելի պահանջը կը բխի նոյնինքն «մեր ժողովուրդի եւ Հայաստանի պատմութենէն»: Ապա կ՛աւելցնէ, այս անգամ Ա. Այվազեանի բառերով` «Հայոց պատմութիւնը Հայաստանի ռազմավարական անձեռնմխելի պաշարն է: Այն պարունակում է կայուն պետութիւն եւ հասարակութիւն կերտելու ամուր հիմք, որն է հայկական չորսհազարամեայ քաղաքակրթութիւնը եւ նրա արդիւնք հանդիսացող հայոց զօրեղ, ընդգծուած իւրօրինակ ինքնութիւնը» (էջ 11): Յետոյ դիտել կու տայ, որ` «Հետագայ դարերում, արտաքին ու ներքին ոչ նպաստաւոր գործօններով ու հանգամանքներով պայմանաւորուած, Հայաստանը կորցրեց իր անկախ պետականութիւնը, ուստիեւ` տարածքային ամբողջականութիւնը: Հայաստանի անկախութեան կորստից յետոյ էլ ազատութեան ու անկախութեան գաղափարները մնացին ժողովրդի դիցաբանութեան, հերոսապատումների, հոգեւոր բնոյթի երկերի ու ձեռագրերի մէջ: Մի խօսքով, դրանք նիւթական մշակոյթի, պատմական յիշողութիւնների ձեւերով դարերի ընթացքում փոխանցուեցին սերնդէ սերունդ եւ հասան մինչեւ մեր ժամանակները» (էջ 11-12): Հուսկ, անդրադառնալով Բագրատունեաց եւ քանի մը դար ետք` Կիլիկեան հայկական պետականութեան կորուստին, կը յարէ, որ` «Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը  դառնում է հայ  կրօնական ազգ-համայնքի հոգեւոր կենտրոնը` շեշտը դնելով առայժմ հոգեւոր միացեալի վրայ` «Իբրեւ հայրենի հողի վրայ գոյատեւող պետականազուրկ կրօնական համայնք», ինչպէս կը նշէ Գ. Խուտինեան` նոյն հարցին նուիրուած իր յօդուածով (էջ 13): Այս գլուխը կ՛աւարտի յիշատակումովը 17-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 1878` Մահտեսի Մուրատ Բաղիշեցիէն, Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսէն, Իսրայէլ Օրիէն մինչեւ Շահամիր Շահամիրեան («Որոգայթ փառաց»), Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոս, Խրիմեան Հայրիկ («Երկաթէ շերեփը»), Ալիշան, Նալբանդեան, Րաֆֆի եւ ուրիշներ, որոնք, Գ. Լազեանի բառերով, «Կը յուսային ոչ միայն ազատագրուիլ պարսկական եւ թրքական լուծէն, այլեւ վերաստեղծել Հայաստանի անցեալ փառքը` դառնալու համար ազատ ու անկախ պետութիւն» (էջ 15):

Երկրորդ գլուխը կը վերաբերի ազգային կուսակցութիւններու դիրքորոշումներուն: Կը սկսի հետեւեալ պարբերութեամբ. «Հայրենիքի ազատագրութեան եւ պետականութեան վերականգնման գաղափարաբանութիւնը նոր որակ է ստանում 19-րդ դարի 80-ական թուականների երկրորդ կէսից, երբ ձեւաւորւում են հայ ազգային կուսակցութիւնները: Հայրենիքի ազատագրութեան հրամայականով դարավերջին ասպարէզ իջած հայ աւանդական երեք կուսակցութիւնների համար էլ առաջնային խնդիրը Թուրքահայաստանի` Արեւմտեան Հայաստանի, ազատագրութիւնն էր: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնների ասպարէզ իջնելն ինքնին ենթադրում էր նախորդ` խօսքի` մտքերի ու գաղափարների տարածման շրջանից անխուսափելիօրէն անցում կատարել դէպի գործի շրջան» (էջ 19-20):

Կը նշուի հիմնումը Արմենական կուսակցութեան (Վան, 1885), Հնչակեան  կուսակցութեան (Ժընեւ, 1887) եւ ՀՅ Դաշնակցութեան (1890, Թիֆլիս), որոնց առաջինն ու երրորդը սկզբնապէս կը հետապնդէին Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը, մինչ երկրորդը մէջտեղ կու գար Մեծ Հայաստանի (ամբողջ Մեծ Հայքը ներառող) ծրագրով:  «Այս կապակցութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան առաջին հեղինակներից Մ. Վարանդեանը փաստում է, որ

Դաշնակցութեան ռահվիրաները` իբրեւ զգաստ իրապաշտներ, հանդէս եկան աւելի համեստ, սահմանափակ ծրագրով, քանզի Քրիստափորի ու Զաւարեանի նման ընկերները լաւ կ՛ըմբռնէին, «թէ որքան յանդուգն ու ցնորական պիտի երեւէր անկախ Հայաստանի պահանջը նման  զարհուրելի (նկատի էր առնւում թուրք-քրտական հարեւանութեամբ միջավայրը` Ա. Հ.) պայմաններու մէջ» (էջ 22):

Սակայն 1907-ի Դ. Ընդհանուր ժողովին արդէն Անդրկովկասի ալ ինքնավարութեան պահանջը մաս պիտի կազմէր ՀՅԴ ծրագրին` «20-րդ դարասեմի նոր իրողութիւններով պայմանաւորուած» (էջ 22): Յակոբեան դիտել կու տայ, որ` «Դա ճանապարհ էր բացելու յաջորդ քայլի` Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ստեղծման համար: Ուստի ՀՅ Դաշնակցութիւնն արտաքուստ չափաւոր, բայց հեռատես ու հետեւողական ծրագրային պահանջներով աւելի շատ նպաստ է բերել Հայաստանի անկախութեան գործին, քան հնչակեանները` «Մեծ Հայաստան» ստեղծելու աղմկայարոյց, ցուցադրական պահանջով ու գործելակերպով» (էջ 23):

Այստեղ կ՛արժէ դիտել տալ, որ հետաքրքրական պիտի ըլլար գոնէ յիշել մշակոյթի, յատկապէս ազգային-յեղափոխական երգերու, ինչպէս նաեւ դաստիարակութեան դերակատարութիւնը ազատագրական գաղափարի մշակման ու տարածման մէջ, մանաւանդ որ ֆետայական շարժումը ի՛նք աղբիւր պիտի հանդիսանար նման մշակոյթի զարգացման` շարունակելով Պատկանեաններու, Նալբանդեաններու աւանդը:

Այդ թուականներէն մինչեւ 1918, համաշխարհային մեծ վերիվայրումներուն ու իրադարձութիւններուն ընդմէջէն, անկախութեան գաղափարն ալ պիտի ունենայ իր հոլովոյթը` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքէն մինչեւ քաղաքական անկախութիւն, որ պիտի նուիրագործուէր մայիսեան հերոսամարտերով:

Պատմաբանը անկէ ետք ցոյց կու տայ այն անհեթեթ կեցուածքները, որ հայութեան որոշ հատուածներ պիտի ցուցաբերէին իրողութիւն դարձած Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: «Այդ համատեքստում միանգամայն մերժելի են հայ քաղաքական շրջանակներից պոլշեւիկների, հայ ռամկավարների, անգամ զօրավար Անդրանիկի եւ միւսների պնդումները, թէ Հայաստանի անկախութիւնը Թուրքիայի ձեռքով է ստեղծուել, «թուրքից ստացած նուէր է», դրա համար էլ իրենք չեն ճանաչում այդ հանրապետութիւնը» (էջ 41-42):

(Շար. 1)
«Դրօշակ», փետրուար 2022

Նախորդը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. ՀԲԸ Միութեան Հաճընի Որբանոցը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.